7 Յունիս 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կազմուած Հայաստանի 9-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը (ՔՊ) պիտի ունենայ 64 մանտաթ, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 29, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 12 մանտաթ։
CivilNet-ը ուսումնասիրած է նորընտիր պատգամաւորներուն վերջին գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրները, որոնք ընտրութիւններէն առաջ ներկայացուած էին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին։ Անոնք կ՚ընդգրկեն 2025-ի Ապրիլ 1-էն մինչեւ 2026-ի նոյն ժամանակաշրջանը ներկայացուած գոյքային եւ եկամտային տուեալները։ Ուսումնասիրութիւնը իւրաքանչիւր խմբակցութենէն առանձնացուցած է երեք ամենահարուստ պատգամաւորները։
«Քաղաքացիական պայմանագիր»
ՔՊ-ի նորընտիր պատգամաւորներուն մէջ ամենահարուստներէն մէկը Ռուստամ Բաքոյեանն է, որ ազգային փոքրամասնութիւններու ցանկով ընտրուած է։ Ան յայտարարագրած է շուրջ 140 միլիոն դրամ եւ 46 հազար ամերիկեան տոլար։ Այս եկամուտին հիմնական աղբիւրը գիւղատնտեսական գործունէութիւնն է, մինչդեռ պատգամաւորի աշխատավարձէն ստացած է աւելի քան 14 միլիոն դրամ։
Բաքոյեան կը տիրապետէ Երեւանի Նորք-Մարաշ վարչական շրջանին մէջ գտնուող բնակարանի մը (55 քմ) եւ Արարատի մարզի Նոր Կեանք գիւղին մէջ անհատական բնակելի տան մը (322 քմ)։
Երկրորդ ամենահարուստ պատգամաւորը Գոռ Արշակեանն է, նախկին «Արագածոտն» ջրօգտագործողներու ընկերութեան գործադիր տնօրէնը։ Ան յայտարարագրած է 14.3 միլիոն դրամի դրամատնային աւանդ, ինչպէս նաեւ 17 միլիոն դրամ եւ 5 հազար ամերիկեան տոլար կանխիկ։ Ան ունի բնակելի տուներ Աշտարակի մէջ, շինութիւն եւ հողամաս Արագածոտնի մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ բնակարան մը Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ։
Ցանկին երրորդ տեղը կը գրաւէ ՀՀ ԳԱԱ Ռատիոֆիզիքայի եւ Ելեկտրոնիկայի հիմնարկի փոխադրամիջոցներու բաժնի պետ եւ անհատ ձեռնարկատէր Տիգրան Գալստեան։ Անոր դրամական միջոցները կազմած են 13.6 միլիոն դրամ, 31,800 ամերիկեան տոլար եւ 2,600 եւրօ։ Ան երկու անձերէն ստացած է աւելի քան 9 հազար տոլարի նուէր։ Գալստեան ունի հողամասեր, հասարակական նշանակութեան շինութիւններ եւ բնակարան։
«Ուժեղ Հայաստան»
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ամենահարուստ պատգամաւորը Նարեկ Կարապետեանն է՝ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին։ Ան յայտարարագրած է 16.5 միլիոն դրամ, աւելի քան 1.8 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ 2.1 միլիոն եւրօ։ Կարապետեան կը տիրապետէ Լոռիի մարզին մէջ գտնուող բազմաթիւ հողամասերու, ինչպէս նաեւ ունի երկու ինքնաշարժ՝ Mercedes-Benz S580 Maybach (2021) եւ Toyota Camry 2.5 (2025)։
Ան աշխատավարձ ստացած է «Տաշիր Քափիթալ» ընկերութենէն, իսկ Արթուր Յովակիմեանէն ստացած է շուրջ 56.2 միլիոն դրամի նուէր։ Կարապետեան նաեւ «Տաշիր Ակրօ» ընկերութեան ամբողջական սեփականատէրն է, «Սիւնէներգաշին» ընկերութեան գրեթէ ամբողջ բաժնեմասին եւ «Ռի Թաուըր» ընկերութեան կէսին սեփականատէրը։ Ան նաեւ նոր կազմուող խորհրդարանին ամենահարուստ պատգամաւորն է։
Երկրորդը Դաւիթ Ղազինեանն է, որ յայտարարագրած է 100 միլիոն դրամ, 200 հազար ամերիկեան տոլար եւ 50 հազար եւրօ։ Ան ունի բազմաթիւ անշարժ գոյքեր Երեւանի, Աշտարակի եւ Կոտայքի մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ չորս ինքնաշարժ՝ BYD Sea Lion 06 EV, Lixiang L9 Ultra, Volkswagen ID6 Crozz Pro եւ Toyota Camry։ Ղազինեան աշխատավարձ ստացած է «Հրազդանի էներգետիք կազմակերպութիւն»էն եւ բաժնեմասեր ունի չորս ընկերութիւններու մէջ։
Երրորդ տեղը կը զբաղեցնէ Արամ Վարդեւանեան՝ Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանն ու «Ջեն Ֆի ֆինանսաթեքնիք գրասենեակ» ընկերութեան հիմնադիր-փաստաբանը։ Ան յայտարարագրած է 175 միլիոն դրամ եւ 29 հազար ամերիկեան տոլար կանխիկ։ Վարդեւանեան ունի երկու բնակարան, ինքնաշարժներ՝ BYD Yuan Plus (2024) եւ Lexus RX 350 (2022), ինչպէս նաեւ եկամուտներ ստացած է «Նայիրի Ինշուրանս», «Տաշիր Քափիթալ», «Ջեն Ֆի» եւ «Էրեբունի Փլազա» ընկերութիւններէն։ Ան նաեւ «Ջեն Ֆի ֆինանսաթեքնիք գրասենեակ» ընկերութեան 67 առ հարիւր բաժնեմասի սեփականատէրն է։
«Հայաստան» դաշինք
Հետաքրքրական է, որ դաշինքի ամենահարուստ անձը Լիլիթ Գալստեանն է։ Ան ունի 20.5 միլիոն դրամի եւ 138,000 տոլարի աւանդներ, ինչպէս նաեւ 2 միլիոն դրամ կանխիկ (լրացուցիչ՝ 795 եւրօ եւ 265 տոլար)։ Եկամուտի հիմնական աղբիւրը ԱԺ աշխատավարձն է (14 միլիոն դրամ) եւ աւանդի տոկոսագումարը (2.6 միլիոն դրամ)։ Անշարժ գոյքերէն ունի երկու բնակարան Երեւանի կեդրոնը (Պարոնեան եւ Վարդանանց փողոցներ):
«Անի» ԲԲԸ-ի ընդհանուր տնօրէն, Երեւանի աւագանիի նախկին անդամ Մեսրոպ Մանուկեանը յայտարարագրած է 57.1 միլիոն դրամ, 20,000 եւրօ եւ 21,200 տոլար: «Անի» ԲԲԸ-ի մէջ ունեցած 14.02% բաժնեմասէն եւ տնօրէնի պաշտօնի աշխատավարձէն մէկ տարուան ընթացքին ստացած է աւելի քան 144 միլիոն դրամ եկամուտ։
Արթուր Խաչատրեանը յայտարարագրած է աւելի քան 22 միլիոն դրամ (կանխիկ եւ անկանխիկ) եւ 18,000 տոլար: Ան չգործող «Ագրիմակ» ՍՊԸ-ի 100% բաժնետէրն է։ Անշարժ գոյքերէն ունի բնակարան եւ կայանատեղի Ադոնց փողոցին վրայ, տան բաժնեմաս Կոնդի մէջ, հողամաս Եղուարդի մէջ եւ Mitsubishi Pajero (2013 թ.) ինքնաշարժ:
Հետաքրքրական մանրամասնութիւններ յայտարարագիրերէն
ՔՊ-ական Լեւոն Լեւոնեանը յայտարարագրած է 1.5 Ethereum քրիփթոարժոյթ (շուրջ 1 միլիոն դրամ արժողութեամբ): Միեւնոյն ատեն, ՔՊ-էն ոմանք (օրինակ՝ Արուսեակ Մանաւազեանը, Ծովինար Վարդանեանը եւ Արփինէ Դաւոյեանը), ունենալով անշարժ կամ շարժական գոյք, դրամական միջոցներու բաժինը ձգած են 0 դրամ:
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքէն Դաւիթ Ղազինեանը յայտարարագրած է 10 միլիոն դրամ արժողութեամբ Breguet Marine ձեռքի ժամացոյց, իսկ Գրիշա Թամրազեանը՝ 22,000 տոլարնոց Hublot Big Bang Aero Bang ժամացոյց։ «Հայաստան» դաշինքէն Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարագրած է 8 միլիոն դրամ արժողութեամբ մատանի, սակայն ոչ մէկ ինքնաշարժ նշած է։
Գրիշա Թամրազեանը, թէեւ նշած է որ չաշխատիր, յայտարարագրած է մօտ 101 միլիոն դրամ եւ թանկարժէք ժամացոյց։ Վովա Վարդանովի որդին՝ Վաղինակ Վարդանովը, նոյնպէս նշած է թէ չաշխատիր, սակայն տարուան ընթացքին ստացած է մօտ 65 միլիոն դրամի եկամուտ (հիմնականին մէջ փոխառութիւններէ) եւ յայտարարագրած է 3 մեծ ինքնաշարժ (Jeep, Ford, Toyota)։