Պէյրութի մէջ գործող Հայկազեան համալսարանը կը շարունակէ իր շրջանաւարտներուն հետ պահպանել այն ամուր եւ ջերմ կապը, որ կը սկսի ուսանողական տարիներուն եւ կը տեւէ ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Այս յարաբերութեան գեղեցիկ արտայայտութիւնն էր համալսարանին մէջ տեղի ունեցած վերջին այցելութիւնը, ուր մէկտեղուած էին տարբեր սերունդներու երկու Հայկազեանականներ։
Այդ մասին կը կարդանք՝ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Ուրախութեամբ վերահանդիպեցանք Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ՝ դոկտ. Սեւակ Քէնտիրճեանին (BS CSC ’02), որ ներկայիս Քուէյթի SAMA Educational Company-ի կրթական տնօրէնն է։ Ան ընկերակցած էր իր եղբօրորդիին՝ Պօղոս Շէրպէթճեան ին, Հայկազեան համալսարանի նորավարտ շրջանաւարտին (BS CSC ’26)։
Հանդիպումը ջերմ ու յուշերով լի մթնոլորտի մէջ անցաւ։ Դոկտ. Քէնտիրճեան սիրով յիշեց Հայկազեանի իր ուսանողական տարիները եւ պատմեց, թէ համալսարանը ինչպէս նպաստած է իր անձնական ու մասնագիտական կազմաւորման։ Իսկ Պօղոս Շէրպէթճեան նոյնպէս արտայայտեց իր խոր երախտագիտութիւնը՝ ընդգծելով, որ Հայկազեանի մէջ ունեցած փորձառութիւնը նշանակալի ազդեցութիւն ունեցած է իր կեանքին վրայ։
Միշտ մեծ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք մեր շրջանաւարտները համալսարանին մէջ եւ կը գնահատենք այն մնայուն կապը, որ Հայկազեանը կը շարունակէ ստեղծել ու ամրապնդել սերունդէ սերունդ։
It was a pleasure to reconnect with alumnus Dr. Sevag Kendirjian (BS CSC ’02), Education Director at SAMA Educational Company in Kuwait. He was accompanied by his nephew, Boghos Sherbetjian, a recent graduate of Haigazian (BS CSC ’26).
The conversation was filled with fond memories as Dr. Kendirjian reflected on his years as a student at Haigazian University and shared how the university impacted both his personal and professional journey. Boghos reiterated many of these sentiments, speaking warmly about his own experience at Haigazian and the impact it has had on his life.
We are always delighted to welcome our alumni back to campus and to witness the lasting connections that continue across generation