Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թրքական յատուկ ջոկատայիններ յատուկ գործողութիւններու հետեւանքով PKK-ի զիմուորական մէկ կայանին վրայ տեղի ունեցած գրոհին հետեւանքով վերջին 72 ժամերու ընթացքին սպաննուած են 25 զինեալներ, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են 8 զինուորներ: Այս մասին գրած է «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ շուրջ 10,000 անվտանգութեան ուժեր ծանր զրահապատ հրասայրերով տեղակայուած են երկրի հարաւ- արեւելեան շրջանին մէջ:: Գործողութիւնները հիմնակաին մէջ ն տեղի ունեցած են Սիլոփի, Սիլվանի, Սուրի եւ Ճիզրէի վարչական շրջաններուն մէջ, ուր PKK-ան ունի գերիշխող ներկայութիւն:Կը հաղորդուի, որ անվտանգութեան ուժերու կողմէ PKK-ի տեղադրուած անցարգելները ոչնչացնելու համար օգտագործուած են հրասայլեր եւ փողոցներուն մէջ լսուած են ծանր պայթումի ձայներ:Աղբիւրը կը նշէ, որ գործողութիւններու իրականցման որոշումը առնուած էր, PKK-ի քաղաքային մասնաճիւղի կողմէ քաղաքացիներու կենսապայմաններու վատթարցման պատճառով, ուր անոնք խրամատներ փորելով քաղաքները վերածած էին պատերազմական գօտիի, մեծ վտանգի մատնելով բնակչութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ մինչ ժողովուրդը ինքզինք փրկելու համար փորձած է հեռանալ պատերազմական շրջանէն, ահաբեկիչները փակուղիներ տեղադրած են կանխելու համար անոնց փախուստը, ինչպէս նաեւ հաղորդուած է, որ PKK-ի անդամները կրկակած են քաղաքացիները տեղափոխող փոխադրամիջոցներու վրայ :