image

Թուրքիա մեծ Ճնշումներ կը գործադրէ Պուլկարիոյ դէմ

Թուրքիա մեծ  Ճնշումներ կը գործադրէ   Պուլկարիոյ դէմ

Պուլկարիոյ երեք քաղաքապետութիւններ պիտի չկարենան օգտուիլ Թուրքիա-Պուլկարիա սահմանային գործակցութեան ծրագրին համար սահմանուած Եւրոպական Միութեան նիւթական նպաստներէն: Պատճառը այն է, որ ատոր արգելք հանդիսանալու նպատակով Թուրքիա կասեցուցած է գործակցութիւնը անոնց հետ, պարզապէս որովհետեւ այդ քաղաքապետութիւնները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնըԱյս մասին Մարտ 14ին յայտարարած է Պուլկարիոյ հանրային bTv հեռատեսիլը, նշելով որ Պուրկասի, Խասքովոյի եւ Սվիլենկրատի քաղաքապետութիւնները ոչ մէկ հաւանականութիւն ունին վերոնշեալ նպաստը ստանալու, Թուրքիոյ այդ քայլին պատճառով:Հետաքրքրական է նկատել, որ Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ երկիր մը նման վարքով կը յաջողի միլիոնաւոր եւրոյի նպաստէ զրկել Եւրոպական Միութեան անդամ պետութեան մը քաղաքապետութիւններ եւ Պրիւսէլ ալ ոչինչ կրնայ ընել ատոր դէմ:Պուլկարիոյ սահմանակից Էտիրնէի քաղաքապետ Ռեճեփ Կիւրքան յայտնած է, թէ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կայացուած չգործակցելու այդ որոշումը վերջնական է: Արտայայտուելով պուլկարական հեռատեսիլէն, թուրք քաղաքապետը կոչ ըրած է Պուլկարիոյ խնդրոյ առարկայ քաղաքապետութիւններուն, որ յետքայլ ընեն, որպէսզի իրենց մասին որոշումը վերատեսութեան ենթարկուի: Ան իր ըսածը արդարացնելու համար ալ օրինակ բերած է Եամպոլի քաղաքապետութեան պարագան, որ արդէն նման քայլի դիմած է: