-Դուք կու գաք Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսէն։ Ի՞նչ է իրավիճակը այսօր Դամասկոսի մէջ: Այն ահաբեկիչ զինեալները, որոնք կը դիմադրէին գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ, ստիպուած եղան հեռանալ... Եւ այսպէս Դամասկոսը կարծես թէ սկսաւ նոր շունչ մը քաշել: Ի՞նչ է իրական պատկերը:
Սուրիոյ պատերազմի թէժացումէն քիչ անց ընդդիմադիր զինեալներ տեղակայուած էին Դամասկոսի արուարձաներէն համարուող Հայ Ժոպարի եւ անոր յարակից հատուածներուն մէջ։ Ընդդիմադիրները, որոնք ունէին արտաքին ուժերու նիւթական նեցուկը, յաջողած էին Ժոպարի տակ, երկրորդ գետնափոր քաղաք մը ստեղծել։ Երբ կառավարական ուժեր կործանիչներով կը հարուածէին, անոնք այդտեղ կը թաքնուէին եւ կրնային ապահովել իրենց անվտանգութիւնը։ Վիճակը իրապէս դարձած էր ահաւոր, որովհետեւ ահաբեկիչները յաջողած էին գործի դնել այնպիսի մարտավարութիւն մը, որուն շնորհիւ ալ կը յաջողէին անընդհատ թիրախ դարձնել մայրաքաղաքի անզէն բնակչութեան թաղամասերը։ Այդ շրջանին էր, որ շատեր զոհուեցան եւ զոհերուն մեծ մասը անզէն քաղաքայիններ էին։ Եկեղեցիներ, դպրոցներ քարուքանդ եղան, մեր եկեղեցւոյ վրայ իսկ քանի մը հրթիռներ ինկան: Յատկապէս քրիստոնէաբնակ այդ շրջաններու բնակիչները մեծ տագնապ ապրեցան։ Պատկերացուցէք, որ ճամբան քալած ժամանակ կրնար հրթիռ մը իյնալ եւ անցորդը կրնար վայրկեանի մը մէջ զոհուիլ... վիճակը երթալով կը վատթարանար, հետեւաբար վերջ մը պէտք է դրուէր այս բոլորին: Ռուսաստանի աջակցութեամբ եւ Սուրիոյ բանակին կամքով Դամասկոսը եւ անոր յարակից շրջանները ազատագրուեցան։ Այսօր ալ ահաբեկիչներու փոքր բոյներ տակաւին գոյութիւն ունին, սակայն յոյսով ենք, որ անոնք ալ պիտի վերանան շուտով: Քաղաքին մէջ բազմաթիւ անցարգելներ կային, անոնք ալ սկսան վերանալ, հետեւաբար ապահովական վիճակը աստիճանաբար աւելի կայուն սկսաւ դառնալ: Ներկայիս վտանգաւոր շրջաններն են հիւսիս-արեւմուտքը՝ Իտլիպի բաժինը եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէկ հատուածը։ Այլ խնդիր է քիւրտերու պարագան, որոնք կը փորձեն իրենց տիրապետութեան տակ եղած շրջանները անպայման պահել։
-Դուք լաւատե՞ս էք Սուրիոյ ապագային նկատմամբ:
Ներկայիս, ո՛չ:
-Չէք կարծե՞ր, որ այս իշխանութիւնը յաղթեց Սուրիոյ մէջ:
Այդպէս կ՚ըսեն, յաղթած ենք... բայց տակաւին այդ ստացուած վէրքերը չեն բուժուած եւ աւերները չեն վերականգնուած եւ հազիւ քիչ մը դրական տրամադրութեամբ կը լեցուինք եւ կը կարծենք, որ քիչ մը յառաջացում կայ՝ չսպասուած մէկ վայրկեանին, չսպասուած մէկ տեղէ կրկին հարուած մը կը ստանանք: Հետեւաբար դեռ շատ կանուխ է բան մը ըսելու համար: Ինծի համար Սուրիոյ վիճակին մէջ յառաջացում կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ դեսպանատուները կրկին սկսին գործել Դամասկոսի մէջ: Ինչպէս նաեւ օդակայանի պարագային, երբ օտար ընկերութիւններու օդանաւերը սկսին վայրէջք կատարել մեր օդակայանը:
-Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Սուրիոյ մէջ ապրող հայերուն։
Ինչպէս որ նշեցի, ներկայիս ահաբեկչական բոյներու մեծամասնութիւնը մաքրուեցան, շատ քիչ տեղեր մնացած են: Բայց վերաշինութեան պարագային, բարեսիրական միութիւնները չեմ կարծեր որ իրագործեն։ Ներկայ պահուս ընթացող վերանորոգումները միայն անհատական մակարդակի վրայ են։ Տեղի կ՚ունենան անհատական նորոգութիւններ, ամէն մարդ իր տունը պիտի նորոգէ, կրնայ ըլլալ որ փոքր օգնութիւններ կը տրամադրուին, բայց մեծամասնութեամբ վերանորոգումներ կամ շինութիւններ տեղի չեն ունենար։
Սուրիոյ հայութեան պարագային այսօր երկու տեսակի խաւ կայ. անոնք՝ որոնք հազիւ իրենց օրապահիկը կ՚ապահովեն եւ ի վիճակի չեն երկրէն դուրս գալու, օրինակ՝ Ճարամանայի շրջանի հայութիւնը, ուր շատ մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին։ Կը կարծեմ, որ Հալէպի պարագան ալ նոյնն է, այսինքն ցարդ Հալէպ մնացած հայերը կը պատկանին չքաւոր խաւին։
Այստեղ պարտիմ նշել, որ Սուրիոյ տագնապի ողջ տեւողութեան Մայր Աթոռը շատ մեծ օժանդակութիւններ կատարեց։ Մայր Աթոռի կողմէ տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնները նախ Անթլիաս կ՚ուղարկուէին եւ հոնկէ ալ Դամասկոս, Հալէպ եւ Հոմս: Խաւ մըն ալ կայ, որ նիւթական կարողութիւն ունի, սակայն կը շարունակէ իր աշխատանքը եւ մեծ յոյսով կը սպասէ, որպէսզի վիճակը բարելաւուի, որ աշխատանքը առաւել մեծ թափով շարունակէ:
-Յաճախ Երեւան կ՚այցելէք եւ ձեր շրջանակին մէջ տրամադրութիւններ կը շօշափէ՞ք. կա՞ն հալէպահայեր կամ դամասկոսահայեր, որոնք կը փափաքին Սուրիա վերադառնալ:
Կը կարծեմ, որ շատ քիչեր են, որոնք կը փափաքին վերադառնալ, շատեր ալ կ՚ըսեն, երբ լաւանայ եւ վիճակը բարելաւուի պիտի վերադառնան. բայց կը կասկածիմ, որ վերադառնան, որովհետեւ աշխատանք ունին եւ իրենց կեանքը հունի մը մէջ դրած են:
Դամասկահայ գործիչ թագւոր Պոյաճեանի սոյն հարցազրոյցը լոյս տեսած է Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ» պարբերականին մէջ։