image

« «Տահէշ»ի փոքրիկներ»ը. 188 պատանիներ Թուրքիա վերադարձուեցան

« «Տահէշ»ի փոքրիկներ»ը. 188 պատանիներ Թուրքիա վերադարձուեցան

Իրաքի իշխանութիւնները Թուրքիոյ վերադարձուցած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման անդամ 188 թուրք երեխաները: Ինչպէս կը յայտնէ Reuters-ը, երեխաները Իրաքի դատական մարմիններու եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ուղեկցութեամբ նստած են օդանաւ Պաղտատի օդակայանէն:

Իրաքի դատական համակարգի ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ երեխաներու խումբին մէջ եղած են մարդիկ, որոնք հասնելով չափահասութեան տարիք, դատապարտուած են սահմանը անօրինական հատելու համար:

Երեխաները Իրաքի մէջ յանցագործութիւններու համար պատասխանատւութեան կրնան ենթարկուիլ 10 տարեկանին:

Գործակալութիւնը նշած է, որ 1100 գրոհային երեխաներ յայտնուած են Իրաքի արդարադատութեան համակարգի մօտ: Անոնցմէ կրտսերները իրենց մայրերուն հետ կը մնան բանտը, եւ առնուազն 7 երեխայ մահացած է վատ պայմաններու պատճառով:

Նաեւ 9-18 տարեկան մօտ 185 երեխայ մինչեւ 15 տարուան ազատազրկման պիտի դատապարտուի: