image

«Քովիտ»ի տարածումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ռուսաստան-Թուրքիա օդային կապը պիտի վերահաստատուի

«Քովիտ»ի տարածումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ռուսաստան-Թուրքիա օդային կապը պիտի վերահաստատուի

 

Ռուսաստանը պիտի վերականգնէ օդային հաղորդակցութիւնը Թուրքիոյ հետ 22 Յունիսին, յայտարարած է փոխվարչապետ Թաթիանա Կոլիքովան, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստի-ն:

Այդ որոշումը կայացուցած են ռուսական տեսչական խումբի եզրակացութեան հիման վրայ, որ այցելած է Թուրքիա:

Կոլիքովան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպած են սպասարկման ոլորտի մէջ անձնակազմի պատուաստում: Հիւրանոցներու աշխատակիցներու մէջ պատուաստուածներու թիւը կը կազմէ 60-90 տոկոս: