image

Սուրիոյ Քիւրտերուն Պատճառով ԱՄՆ- Թուրքիա Յարաբերութիւնները Լարուածութիւն Կ'ապրին

Սուրիոյ Քիւրտերուն Պատճառով ԱՄՆ- Թուրքիա  Յարաբերութիւնները Լարուածութիւն Կ'ապրին

Անգարա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Անգարա իր  մօտ  կանչած է  ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Պասը, Պետական գրասենեակի այն յայտարարութեան առթիւ, ուր կ'ըսուի, թէ քրտական  PYD եւ YPG-ն ահաբեկչական կազմակերպութիւններ չեն: Այս մասին կը փոխանցէ «Սապահ», նշելով, որ թուրք-ամերիկեան  յարաբերութիւնները  լարուածութիւն  մը կ'ապրին, մասնաւորապէս ԱՄՆ պետքարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճոն Քըրպիի յայտարարութենէն ետք, թէ ԱՄՆ  Սուրիոյ PKK-ի  թեւը՝ Դեմոկրատական ​​Միութեան կուսակցութիւնը (PYD)  եւ անոր Զինեալ Ժողովրդական Պաշտպանութեան ջոկատները (YPG)  ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի համարեր: Քըրպիի այդ յայտարարութիւնը եղած էր որպէս պատասխան նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի կողմէ Ուաշինկթընի ուղղուած վերջնագրին՝ որպէս դաշնակից Թուրքիոյ կամ PYD -ի միջեւ ընտրութիւն կատարելու կապակցութեամբ: «Սուրիոյ քիւրտերը մեր գործընկերներն են,- «Տահէշ»ի դէմ պայքարին մէջ» ըսած էր Քըրպին, թէժացնելուվ յարաբերութիւններու անկումը Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ: Էրտողանի կողմէ Ուաշինկթընի ուղղուած վերջնագիրը եկած էր ԱՄՆ նախագահական՝ «Միջագային դաշնակցութիւն «Տահէշ»ի դէմ» բանագնացին՝  Պրէթ  Մըքկուրքի ,  Քոպանի  կատարած  այցէն  ետք, ուր վերջինս հանդիպումներ ունեցած էր  PYD-ին   պատասխանատուներուն հետ:Էրտողան, հաստատած է, որ Անգարան ամէն ջանք պիտի գործադրէ, որպէսզի YPG-ն միջազգային գետնի վրայ ճանչցուի որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Ըստ նոյն աղբիւրին, PYD-ն ընդունուած է որպէս PKK-ի Սուրիոյ թեւը, որ ճանչցուած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, ԱՄՆ-ի, Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ: