«Հաարէթց» թերթը կը գրէ, որ Իսրայէլ պէտք է պատրաստուի սուրիական բանակին դէմ, որ սկսած է հրթիռային համակարգեր եւ զէնքեր կուտակել Կոլանի սահմանին՝ դարձեալ իր վերահսկողութեան տակ վերցնելու համար:
Թերթը նշած է, որ այս զարգացումները կը համընկնին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի՝ Սուրիայէն «շուտով» դուրս գալու յայտարարութեան, աւելցնելով, որ սուրիական բանակը ներկայիս աւելի ինքնավստահ է, քան երբեւէ:
Թերթը յայտնած է, որ վերջերս Իսրայէլի մտահոգութիւնը մեծցած է, Իրանին հաշուետու զօրքերու՝ Սուրիոյ հարաւային սահմանին վրայ գտնուելու պատճառով, աւելցնելով, որ Սուրիոյ բանակը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ Կոլանի մէջ ընդդիմութեան հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն վերատիրանալու գործին: