Թուրքիա –(Անատոլու Գործակալութիւն- Անգարա) ՆԱԹՕ-ի գլխավոր քարտուղարը Եէնս (Ճէնս) Սթոլթնպըրկ յայտարարած է, որ Թուրքիան դարձած է թիրախ ահաբեկչական յարձակումներու: Այս մասին կը հաղորդէ Անատոլուի գործակալութիւնը, նշելով, որ Սթոլթնպըրկ երեքշաբթի օր, Եւրոխորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին ելոյթ ունենալով նշած է, որ կարելի չէ արդարացնել անցեալ շաբաթ Անգարայի մէջ պատահած յարձակումը, որու հետեւանքով տասնեակ մարդիկ սպանուեցան եւ վիրաւորուեցան: Սթոլթնպըրկ նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ անկայունութիւնն ու խնդիրները սկսած են «տեղափոխուի Թուրքիա», ընդգծելով «լարուածութիւնը թեթեւցնելու» անհրաժեշտութեան:Ան նաեւ բացատրած է, որ Սուրիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի պատկանող զորքեր գոյութիւն չունին, եւ նոյնիսկ ռազմական ներկայութեան ծրագրեր չկան Սուրիոյ հետ կապուած, իսկ ՆԱԹՕ-ի գոյութիւնը Թուրքիոյ մէջ, զայն Թուրքիոյ վրայ կատարուած որեւէ յարձակումէ պաշտպանելու համար է:
Ինչ կը վերաբերի Էկիէան ծովու մէջ փախստականներու ճգնաժամին ՆԱԹՕ-ի պատասխանատուութեան, Սթոլթնպըրկ ըսած է, որ ՆԱԹՕ-ն ոստիկանի դեր պիտի չկատարէ, այլ միայն պիտի օգնէ թուրք եւ յոյն պաշտօնեաներուն եւ եւրոպական սահմաններու պաշտպանութեան պաշտօնատար անձանց (FRONTEX)՝ ապահովել հետախուզական անհրաժեշտ տեղեկութիւնները: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ըստ միջազգային օրէնքի, երբ նաւ մը խորտակուի ՆԱԹՕ-ի պատկանող նաւերէն մէկուն մօտ, այդ նաւը կը փրկէ խորտակուած նաւու վրայ գտնուողները եւ կը վերադարձնէ Թուրքիա, եթէ անոնք հոնկէ եկած ըլլան: