17 Դեկտեմբերին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է 16 մէթր բարձրութիւն ունեցող հանրապետութեան գլխաւոր նոր տոնածառի լոյսերու վառման արարողութիւնը։ Այս մասին յայտնած է «Արցախբրէս»:
Տօնածառի լոյսերու վառման պատիւը տրուած է Ձմեռ Պապիկին, որուն հետեւած է դպրոցականներու մասնակցութեամբ ամանորեայ «flash mob»:
Փոքրիկներու համար համերգային ծրագիրով հանդէս եկած են մայրաքաղաքի մշակութային տան սաները:
Տօնակատարութեան մասնակցած են մանուկներու կողմէ սիրուած հերոսներ, ինչպէս նաեւ զիրենք շնորհաւորած են Ձմեռ Պապիկն ու Ձիւնանոյշը։
«Արցախբրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Արմէն Յակոբեան ըսած է, որ այսպիսով տրուած է քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուող ամանորեայ տօնական միջոցառումներու մեկնարկը:
Խօսելով ծրագիրի ծիրէն ներս կատարուած եւ կատարուելիք միջոցառումներուն մասին, Ա. Յակոբեան ըսած է. «Մօտ օրերս կ'աւարտենք Ստեփանակերտի փողոցների ամանորեայ ձեւաւորման ու զարդարման աշխատանքները: Պէտք է նշեմ, որ այս տարի եւս, վերջին տարիներին ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն, մայրաքաղաքի տօնական տեսքի համար տեխնիկական աջակցութիւն ենք ստացել Երեւանի քաղաքապետարանից, ինչի համար ուզում եմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել»:
Ա. Յակոբեանի խօսքով, մայրաքաղաքի շարք մը փողոցներու վրայ տեղադրուած են տօնական վահանակներ, ինչպէս նաեւ՝ լոյսերու խաղեր:
«Դեկտեմբերի 31-ին առաւօտից, զարդարուած մեքենայով, Ստեփանակերտի փողոցներով ու թաղամասերով շրջայց կը կատարեն Ձմեռ պապն ու Ձիւնանոյշը, ովքեր կը շնորհաւորեն փոքրիկներին՝ տրամադրելով նուէրներ: Նոյն օրը` երեկոյեան Վերածննդի հրապարակում տեղի է ունենալու տօնական համերգ, որը եզրափակուելու է հրավառութեամբ»,- ըսած է Ա. Յակոբեան եւ շնորհաւորած համայն հայութեան գալիք 2017 թուականը՝ մաղթելով խաղաղութիւն, առողջութիւն, սէր եւ յաջողութիւններ: