Արցախի Շուշիի շրջանի Քարին Տակ գիւղի մէջ մանկապարտէզ կը կառուցուի արժանթինահայ բարերարներ Տեւէճիեան, Էքսերճիեան ընտանիքներուն, Գիրգոր Շիմշիրօղլուի, յունահայ եւ կիպրահայ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: Յունաստանի տեղական մարմնի այս տարուայ դրամահաւաք-հեռախօսամարաթոնը եւս պիտի ուղղուի մանկապարտէզի ֆինանսաւորման, կը հաղորդեն հիմնադրամէն։
Քարին Տակ գիւղին մէջ կառուցուող մանկապարտէզը «Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ համայնքին մէջ կեանքի կոչուող չորրորդ կարեւորագոյն ենթակառուցուածքն է: Նախորդ տարիներուն այստեղ կառուցուած է համայնքային կեդրոն, խմելու ջուրի նոր համակարգ, վերակառուցուած է դպրոցին մարզադահլիճը:
Քարին Տակը ունի շուրջ 650 բնակիչ, որոնց մեծ մասը երիտասարդներ են: Գիւղապետ Մխիթար Առուշանեանի խօսքով` գիւղին մէջ տարուէ տարի կ'աւելնայ ծնունդներուն թիւը, եւ այստեղ մանկապարտէզի խիստ կարիք կար: