Իրան- («Էլ Նաշրա»- Պէյրութ) Ըստ Իրանի նախագահ Հասան Րոհանիին երկիրը «պատիժներու հանգրուանէն անցնելով մտաւ դէպի բարգաւաճման հանգրուան»: Շէյխ Հասան Ռոհանի նաեւ ըսած է, որ այսօր իրանի եւ իրանցի ժողովուրդին սկիզբ կ'առնէ պատմութեան ոսկեայ հանգրուանը: Իրանի նախագահը նաեւ ըսաւ, որ իրենք պիտի շարունակեն հանդէս գալ «պահպանողական ճարտարարուեստ»ով վստահեցնելով, որ Իրան խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան պատգամաբերն է շրջանին մէջ: Նշենք, որ Ռոհանի ելոյթ կ'ունենար այն պահուն, երբ գործադրութեան կը դրուէր Իրան- ԱՄՆ «Միջուկային համաձայնութիւն»: