image

Վազգէն Թեւանեան յաղթեց ատրպէյճանցի Հաճի Ալիեւին եւ շահեցաւ ոսկեայ մետալ

Վազգէն Թեւանեան յաղթեց ատրպէյճանցի Հաճի Ալիեւին եւ շահեցաւ ոսկեայ մետալ

Թոքիօ-2020 Ողիմպիական խաղերու  ուղեգիր նուաճած՝ Վազգէն Թեւանեան (65 քկ.) առիթ չտուաւ ատրպէյճանցի Հաճի Ալիեւին եւ նուաճեց Հունգարիոյ մայրաքաղաք՝ Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի եւրոպական գօտիի ողիմպիական վարկանիշային մրցաշարի յաղթողի կոչումը:

Եզրափակիչին Հայաստանի ներկայացուցիչը 9:0 հաշիւով վստահ յաղթանակ տարաւ Ռիօ-2016 Ողիմպիական խաղերու պրոնզեայ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, ատրպէյճանցի՝ Հաճի Ալիեւի նկատմամբ: