image
Հրատապ լուրեր:

«Սասնայ ծռեր»ու աջակիցները բողոքի երթ կ'ընեն

«Սասնայ ծռեր»ու  աջակիցները բողոքի  երթ  կ'ընեն

Առաջին ատեանի դատարանի կողմէ Ժիրայր Սեֆիլեանը դատապարտուած է 10 տարի 5 ամիս ազատազրկման, Գէորգ Սաֆարեանը՝ 4, միասնական պատիժը՝ 5,5 տարի, Սասունիկ Կիրակոսեանը՝ 4,6 տարի, Ներսէս Պողոսեանը՝ 3,6 տարի, Հրայր Թոփճեանը՝ 3, Գալուստ Գրիգորեանը՝ 3.5 տարի, Յովհաննէս Պետրոսեանը 2 տարի ժամկէտով:


Սեֆիլեանի եւ գործով միւս ամբաստանեալներու աջակիցները Վերաքննիչ քրէական դատարանէն Արշակունեաց պողոտայով դէպի Հանրապետութեան հրապարակ ուղղուած են: Ցուցարարները վանկարկած են՝ «դատախազ, հեռացիր», «ազատ, անկախ  դատարան» եւ «ազատութիւն»:


Վերաքննիչ քրէական դատարանի մէջ յետաձգուած է Ժիրայր Սեֆիլեանի, Գէորգ Սաֆարեանի, Հրայր Թոփճեանի, Սասունիկ Կիրակոսեանի, Յովհաննէս Պետրոսեանի, Գալուստ Գրիգորեանի, Ներսէս Պօղոսեանի վերաքննիչ բողոքներու քննութիւնները, քանի որ ամբաստանեալները դատարան չեն բերուած։

 

Լուրը՝ «ԹԵՐԹ» կայքէն