image

Սալահէլտին Տէմիրթաշ Ի՞նչ Պահանջեց Ռուսաստանէն

Սալահէլտին  Տէմիրթաշ   Ի՞նչ Պահանջեց Ռուսաստանէն

Թուրքիա-(«Թուրք-փրէս»- Պոլիս)- HDP-ի Առաջնորդ  Սալահէլտին Տէմիրթաշ, որ շաբաթներ առաջ   Մոսկուա  այցելեց, ռուս պատասխանատուներէն  պահանջած է  յատուկ արդիական հրթիռներ:  Այս մասին կը գրէ  «Թուրք-փրէս»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ   Տէմիրթաշ Ռուսաստանէն  խնդրած է  (AT-14) տեսակի հակա-հրասայլային հրթիռներ՝ զանոնք  PKK-ին յանձնելու համար: Աղբիւրը նաեւ կ'աւելցնէ,  որ թրքական մամուլին մէջ տարածուած է այն միտքը, որ Տէմիրթաշ օգտագործած է երկիրներու միջեւ եղած ճգնաժամը, նման պահանջք մը ներկայացնելու  ի խնդիր: Աղբիւրը կը  նշէ նաեւ, որ   Տէմիրթաշի հետ հանդիպման ընթացքին Լավրով կատարած է հաստատումներ, թէ իր երկիրը քիւրտերու կողքին պիտի ըլլայ եւ աջակցի անոնց ազատութեան ձեռքբերման համար:«Թուրք-փրէս»ը կը նշէ նաեւ, որ (AT-14) հակա-հրասայլային հրթիռները, որոնք արտադրուած են 1994-ին, 27 քկ. կը կշռեն եւ  անոնց հասողութիւնը  կը  հասնի  մինչ 5 քիլոմեթր: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ    այդ հրթիռները  կ'օգտագործուին  տարբեր երկիրներու, ինչպէս՝ Յունաստանի, Սուրիոյ, Հնդկաստանի եւ Իրանի կողմէ: