image

Էրտողան ԱՄՆ-էն պահանջեց քիւրտ հրամանատար Մազլում Ապտիի արտայանձնումը

Էրտողան ԱՄՆ-էն պահանջեց քիւրտ հրամանատար Մազլում Ապտիի արտայանձնումը

Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողանը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է Անգարային յանձնէ քրտա-արաբական «Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր» դաշինքի հրամանատար Մազլում Քոպանի Ապտին, կը հաղորդէ Interfax-ը:

«Քոպանին կը հետախուզուի Ինթըրփոլի կողմէ, եւ ԱՄՆ-ն պէտք է անոր փոխանցէ Թուրքիոյ»,- ըսած է Էրտողանը:

Ան քննադատած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդները եւ քաղաքական գործիչները, որոնք հանդիպած են դաշինքի ներկայացուցիչներու հետ: Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ իր յարաբերութիւնները ԱՄՆ առաջնորդ Տանըլտ Թրամբի հետ կը գտնուին լաւ մակարդակի վրայ, եւ անոնց զրոյցները «անկեղծ» են:

Նշուած է, որ Էրտողանը 13 նոյեմբերին պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Ուաշինկթըն: