image

Ռուս Ժողովորդը Համոզուած է, Որ Ռուսիան Իր Փառքի Օրերուն Պիտի Դառնայ.Alkalimaonline

Ռուս Ժողովորդը Համոզուած է, Որ   Ռուսիան  Իր Փառքի Օրերուն Պիտի Դառնայ.Alkalimaonline

  Ռուսիա(«Ալ Քալիմաօնլայն»- Պէյրութ)   ՄԱԿ-ի  կամ  այլ բեմերէ Փութինի  իւրաքանջիւր կրակոտ ճառերէն  կամ միջցամաքները հատող հրթիռներու արձակումէն ետք ռուս ժողովուրդը  դարձեալ կը փայփայէ Ռուսիոյ փառքի օրերու վերադարձի երազը:Այս անգամ Ռուսիոյ «Հզօրութեան» վերկանգնումի յոյսը պայմանաւորուած էր Արեւմուտքին դէմ դնելով, եւ օդանաւեր եւ նաւեր Սուրիա ուղղարկելով, որ Արեւմուտքին ստիպեց վերատեսութեան ենթարկել իր քաղաքականութիւնը եւ նոր իրավիճակ ստեղծեց շրջանին մէջ:Այս ուղղութեամբ «Լիվատա» հեղինակաւոր կեդրոնի կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութիւնը, ցոյց տուած է, որ ռուսերու 65 առ հարիւրը կը  գտնեն, որ իրենց երկիրը վերագրաւած է իր դիրքը «հսկաներուն» մէջ: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է նաեւ, թէ շուրջ քառորդ դար հզօր պետութիւն ըլլալու փառքը կորսնցուցած Ռուսիոյ ժողովուրդը վերջին զարգացումներու հետ կապուած ինչպիսի վերաբերմունք կը ցուցաբերէ իրենց երկրի հանդէպ: Ըստ տուեալներուն, Ռուսիոյ ժողովուրդի կէսը համոզուած է, որ իրենց պետութեան զօրութիւնը կը կայանայ ռազմական ուժի հզօրութեան մէջ, մինչ 20 տոկոսը յայտնած են, որ հզօր ըլլաու հանգամանքը կապուած կ'ըլլայ Միջազգային հեղինակութիւն եւ յարգանք վայելելով:Հասարակութեան կարծիքի ուսումնասիրման արդիւնքները պարզած են նաեւ, որ Ռուսիոյ ժողովուրդի 72 տոկոսը ահաբեկչական յարձակումներու ենթարկուելու մտավախութիւնէ կը տագնապի եւ անոնց երեք քառորդը կ'ուզէ,  որ Ռուսիան վերանորոգէ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները, ինչը փորձագէտները նկատեն, որ պայմանաւորուած  է Արեւմուտքի կողմէ բանեցուած պատիժներու հետեւանքով կենսապայմաններու վատթարացումին հետ: