image
Հրատապ լուրեր:

Նոր տագնապ Լիբանանի բժշկական ոլորտին մէջ. « Այս օրերուն արտագաղթողները այպանելի չեն» «Արեւելք»ին կ՚ըսէ Բժիշկ Կոստան Եափուճեան

Նոր տագնապ Լիբանանի բժշկական ոլորտին մէջ. « Այս օրերուն արտագաղթողները այպանելի չեն» «Արեւելք»ին կ՚ըսէ Բժիշկ Կոստան Եափուճեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Լիբանանահայ  բժիշկ՝ Կոստան Եափուճեան

- Վերջին շրջանին եւ Լիբանանի մէջ բոլորիս համար յայտնի ծանր պայմաններու հետեւանքով, մեծ թիւով քաղաքացիներ կը հեռանան Լիբանանէն: Լիբանանեան թերթեր, որ անդրադարձած են այս թեմային, գրած են, որ այդ հեռացողներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն անոնք, որոնք կը սպասարկեն առողջապահական ոլորտին մէջ՝ բժիշկ, ատամնաբոյժ, կամ հիւանդապահ-հիւանդապահուհի. ի՞նչ է ընդհանուր պատկերը եւ արդեօք այս արտագաղթը, որ կայ մտահոգիչ կը տեսնէ՞ք:

Վերջին ժամանակաշրջանին ինչպէս ըսիք, մեծ թիւով լիբանանցիներ երկիրը ձգելով կը հեռանան, այս իրականութիւն մըն է, որ առաջ կու գայ տնտեսական բարդ պայմաններէն։ Հեռացող մասսային մեծամասնութիւնը, կը համարուին երկրի լաւագոյն տարրերն են, այն առումով, որ անոնց մէջ կան բժիշկներ, ճարտարապետներ, երկրաչափներ, հիւանդապահուհիներ: Այս մասին կ'իմանանք մեր սենտիքայէն, որովհետեւ ճամբորդող բժիշկները կը դիմեն այնտեղ, խնդրելով վկայագիրներ, սակայն կան նաեւ որոշ բժիշկներ որոնք ճամբորդած են առանց այդ վկայագիրներուն, անոնց վիճակը յստակ չէ, խօսքը քանի մը հազարի մասին է: Հիւանդապահուհիներու պարագային, հեռացողներուն թիւը աւելի մեծ է, ես անձամբ գիտեմ անոնցմէ շատ շատեր, որոնք կ'աշխատէին մեծ հիւանդանոցներու մէջ, ասիկա մեծ բաց կը ձգէ այս շրջանակին մէջ: Գաղթող բժիշկներէն ալ շատեր մեծագոյն հիւանդանոցներու լաւագոյն մասնագէտներն են, մանաւանդ անոնք, որոնք երկքաղաքացիութիւն ունի։ Անոնք նախապէս կը նախընտրէին Լիբանան աշխատիլ, որովհետեւ շահոյթ ստանալը աւելի դիւրին էր ու առօրեան աւելի հանգիստ համեմատած արտասահմանին, ուր նաեւ ստիպուած են բարձր հարկեր վճարել: Անշուշտ որ այս բժիշկներուն հեռանալը իր վատ անդրադարձը պիտի ունենայ Լիբանանի առողջապահական ոլորտին վրայ, բայց այդ չի նշանակեր որ երկիրը առանց բժիշկի պիտի մնայ կամ առանց հիւանդապահուհիներու, որովհետեւ կեանքը պիտի շարունակուի:

- Գիտենք նաեւ որ այս ստեղծուած պայմաններու լոյսին տակ, այս տագնապէն անմասն չէ լիբանանահայութիւնը նոյնպէս, եթէ հարցնելու ըլլանք Լիբանանի հայկական բժշկական ոլորտի մասին արդեօք այնտեղ եւս նկատելի է թիւը երկիրը լքող կամ լքելու պատրաստուող հայ բժիշկներուն. ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:

Լիբանանահայութիւնը նոյնպէս տնտեսական այս ծանր պայմաններուն ենթարկուելով ձեւ մը կը փնտռէ դուրս գալու այս իրավիճակէն: Այդ ձեւերէն առաջինը արտագաղթելն է, ի մասնաւորի կարողութիւն ունեցողը կը դիմէ արտագաղթի: Իսկ ինչ կը վերաբերի առողջապահական մարզին, շատ մը բժիշկներ, անցնող տարիներու ընթացքին, տնտեսական այս տագնապը չսկսած արդէն, արտագաղթեցին դէպի Գանատա եւ այլ երկիրներ ստանալով այդ երկիրներու քաղաքացիութիւնը։ Արտաղագթի որոշակի փորձեր եղան նաեւ դէպի Հայաստան ու մասնաւորապէս նախապատերազմեան շրջանին, շատ բժիշկներ եւ ատամնաբոյժներ, հայրենիք տեղափոխուեցան։ Ճշգրիտ թիւեր չեմ կրնար տալ, բայց եթէ միայն իմ գիտցածներս 7-8-էն աւելի են, կրնաք պատկերացնել իրավիճակը: Բժիշկներուն դեղորայք բաժնող գործակալներուն, երբ հարցնեմ բժիշկներուն մասին, արդեօք տակաւին իրենց դարմատուներուն մէջն են, անոնք կը պատասխանեն թէ որոշ դարմանատուներ ընդհանրապէս փակ են եւ բժիշկները հաւանաբար ճամբորդած: Լիբանանահայերն ալ, չտարբերելով լիբանանցիներէն, աւելի պատուաւոր կեանք մը ապրելու նպատակով կ'արտագաղթեն եւ այդ քայլը բնաւ այպանելի չէ, որովհետեւ ըստ երեւոյթի համալիբանանեան այս տագնապը դեռ պիտի երկարի։

 

- Եթէ այս օրերու տագնապը այս ընթացքով շարունակուի, կը կարծէ՞ք որ Լիբանանի առողջապահական ոլորտը փուլ պիտի գայ, կա՞յ այդ վտանգը, մանաւանդ որ առկայ շրջափակումը ձեւով մը տնտեսական դժուարութիւններով պայմանաւորուած նաեւ պակասներ ստեղծած է երկրի ռողջապահական ոլորտի, ըլլայ ատիկա սարքերու, դեղորայքի եւ այլ պէտքերու առընթեր:

Փուլ գալու մասին կանուխ է խօսիլ, որովհետեւ փուլ գալ կը նշանակէ առողջապահական համակարգի ամբողջական անդամալուծում, բան մը որ անհաւանական է։ Լիբանանը արդէն գերբաւարարուած էր բժիշկներով ու բժշկական անձնակազմով, մեր սենտիքային մէջ 12-15 հազար բժիշկ կայ, երկրի մը մէջ որ մինչեւ 5 միլիոն բնակչութիւն ունի: Հետեւաբար քանի մը հազարի արտագաղթը պիտի չազդէ թիւով այնքան ինչքան որակով, որովհետեւ արտագաղթողները փայլուն մասնագէտներ են, եւ պահանջուած են արտասահմանի հիւանդանոցներէն, անոնք երկքաղաքացիութիւն ունին եւ կը նախընտրեն երթալ ու աշխատիլ իրենց «երկրորդ երկրին» մէջ:

Իսկ դեղորայքի իմաստով, մինչեւ այսօր դեղերը կը շարունակեն վաճարուիլ տոլարի հին սակագինով, եւ այդ մէկը պատճառ կ'ըլլայ այդ դեղերու վերավաճառման, հետեւաբար ժողովուրդը նմանապէս դեղարանները տագնապի կը մատնուին, թէ ինչպէս ապահովեն մեծ սպառում ունեցող կարգ մը դեղատեսակները: Ամէն մարդ սպասման մէջ է թէ ի վերջոյ ինչ պիտի ըլլայ, փուլ գալու մասին խօսիլը շատ կանուխ է, ընդհակառակը շատ բնականոն կրնայ գոյատեւել վիճակը մինչեւ գիներու յստակացում: Նախապէս օրինակ բժիշկներու այցի սակագինը 50000 լիբանանեան լիրա էր, այժմ նոյն գինը կը մնայ, սակայն մեծ հիւանդանոցներու բժիշկները կը խօսին մինչեւ 500000 լիբանանեան լիրայով հիւանդներ ընդունելու մասին։ Հիւանդին համար այս վիճակը բաւական ծանր է, ան ինչպէս պիտի կարնայ ապահովել այս գումարները, մանաւանդ եթէ բանուոր դասակարգէն է եւ կը վարձատրուի նախկին աշխատավարձով: Բժիշկը պարտաւոր է թանկացնել իր այցեգինը, իսկ հիւանդը, որ պիտի վճարէ, այդ կարողութիւնը չունի:

- Ի տարբերութիւն այլ երկիրներու մէջ առկայ տագնապներուն, կարծես թէ Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւններուն համար շատ ալ էական չէ պահել պահպանել առողջապահական ոլորտը. այդ մէկը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք դուք. ի՞նչ է ձեր կարծիքը:

Ես չեմ կրնար ըսել թէ Լիբանանի կառավարութեան համար կարեւոր չէ բժշկական ոլորտը, այդպէս չեմ կրնար արտայայտուիլ:

Լիբանանի կառավարութիւնը որոշ չափով կ'ապահովէ պէտք եղած դեղերը ըլլայ պատուաստներու հարցով, ըլլայ հիւանդներու բուժման հարցով, եւ Լիբանանը փառք Աստծոյ տակաւին Մոզամպիք կամ Հնդկաստան չէ դարձած։ Մանաւանդ որ կառավարութիւնն ալ Շուէտի կառավարութիւնը չէ, այլ երրորդ աշխարհի ամէնէն փտած կառավարութիւններէն մին է, եւ այդ բոլոր մակարդակներու վրայ։

Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ ընդհանուր լիբանանեան համակարգը փուլ գալու եզրին է, եւ որ ամէն ինչ փլուզման ենթակայ է, մինչդեռ այդ պատկերը քիչ մը չափազանցուած է։

- Այս բոլորի լոյսին ներքոյ, հայկական շրջանակներ կամ հայկական թաղամասերու բնակիչներ ապագային դժուարութիւններ պիտի ունենա՞ն հոգալու համար իրենց առողջապահական պէտքերը. ի՞նչ է ձեր կանխատսումը այս առումով:

Հայկական շրջանակին մէջ, տնտեսական տագնապէն առաջ ալ, կային կարիքաւոր ընտանիքներ, որոնք միշտ դժուարութիւններ ունէին, եւ հիմա այս ընտանիքներուն վրայ աւելցաւ նաեւ միջին դասակարգը, որ այսօր կանգնած է ոչնչացման եզրին։ Անշուշտ կան բարեսիրական կազմակերպութիւններ, որոնք կ'օժանդակեն, բայց օժանդակութիւնն ալ համեմտական է, առաջ օրինակ վիրահատութեան կէս գումարով կ'օգնէին, այժմ գումարը նոյնը մնալով, ոչինչով կ'օգնէ հիւանդին: Տնտեսական դժուարութիւններու այս աճով, կարիքաւորները աւելի հոծ բազմութիւն պիտի դառնան, անոնք երկրէն դուրս ելլելու մասին ալ չեն կրնար մտածել, որովհետեւ այդ կարողութիւնը չունին, թերեւս համալսարանական զաւակ մը կարենան արտասահման ուղարկել, որպէսզի ան հոնկէ օգնէ իր ընտանիքին: Այժմ լիբանանահայերը չեն կրնար վստահիլ Լիբանանի մէջ իրենց գործին, օրինակ եթէ անհատը տանտէր էր ու վարձքերու եկամուտէն կ'ապրէր, արդէն վարձուորները կը խուսափին վարձքերը վճարելէ, իսկ եթէ բանուոր կամ պաշտօնեայ է, աշխատավարձի յաւելում չկայ։ Եթէ լիբանանահայ մը դրամատան մէջ կոկիկ գումար մը ունէր, որու տոկոսներով կ'ապրէր, ներկայիս չի կրնար օգտուիլ այդ գումարէն: Իսկ նոր սերունդի պարագային, նորաւարտ ուսեալները, չեն ուզեր այստեղ աշխատիլ եւ կը փորձեն արտասահմանի մէջ սկսիլ իրենց ապագան, որովհետեւ Լիբանան այլեւս ապագայ չունի: Կարելի է ըսել ծերացող գաղութ եղանք, եւ 30 տարուայ ընթացքին այլեւս կասկածելի է, որ այստեղ հայ մնայ, բացի եթէ տնտեսական հարցը արագօրէն լուծուի եւ երկրին փայլուն օրերը վերադառնան, այսինքն կրկին կազ արտահանենք, աշխատինք եւ մարդիկ վերադառնան իրենց սիրելի Լիբանանը: