Ռաֆֆի Համբարեան նշանակուած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ: Այս մասին կը գրէ «Ասպարէզ» որ նաեւ կը յայտնէ, թէ յանձնախումբի նախկին նախագահ Քեն Խաչիկեան կը շարունակէ գործել խորհուրդի կազմին: Նշենք, որ Ռաֆֆի Համբարեան ծնած է Նիւ Եորք: Աւարտած է Նիւ Ճըրսիի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը, ստացած է մագիստրոսի աստիճան: Ան երկար տարիներու իր քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը սկսած է որպէս ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամ: