image

Քեսապի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ՝ Նիզար Խալիլին

Քեսապի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ՝ Նիզար Խալիլին

 

Երէկ Քեսապի մէջ յառաջացեալ տարիքին իր մահկանացուն կնքած է Հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամներէն համարուող գրող եւ թարգմանիչ՝ Նիզար Խալիլին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Քեսապէն: 
Նիզար Խալիլի ծնած է Հալէպ 1925-ին, բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութ, Լիբանան։

 

1943 – 1946 թուականներուն պաշտօնավարած է Հալէպի Նոր Գիւղ Հայկական թաղամասի Զաւարեան վարժարանին մէջ, որպէս արաբերէնի ուսուցիչ։
Հայերէնին տիրապետած է մանկավարժական իր աշխատանքին ընթացքին։ Նիզար ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մասնաւորապէս՝ գեղարուեստական գրականութիւնը։ Քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան։

Նիզար Խալիլի հայ մշակոյթին եւ հայ-արաբական գրականութեան նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է։ Ան առանձին գրքոյկներով արաբերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Յովհաննէս Թումանեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի ստեղծագործութիւնները։
Նիզար նաեւ հայերէնի թարգմանած է արաբ հեղինակներու գործերը։ Ինչպէս նաեւ գրած է շատ մը հայերէն բանաստեղծութիւններ։