image

Պոլսոյ մէջ կալուած ունեցողներու ուշադրութեան

Պոլսոյ  մէջ  կալուած ունեցողներու ուշադրութեան

Պոլսոյ մէջ հող, տարածք, կառուցապատ տարածք կամ տուն ունեցողներ իրենց իրաւունքներուն տիրանալու համար  դատ բանալու կարելիութիւն պիտի  ունենան:  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ «Վարդգէս Եղիայեան փաստաբանական գրասենեակ»էն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ  բոլոր այն   հայորդիները, որոնք պոլսահայ  արմատներ ունին  եւ   իրենց   նախահայրերուն   պատկանած   հողաշերտերուն, կամ կալուածներուն     վաւերական փաստաթուղթերը պահած են, պիտի կարողանան   դատական  գործընթացի մը մասնակցիլ՝ վերատիրանալու համար իրենց պապենական ունեցուածքին:

Այս առումով կը փոխանցուի նաե, որ «Վ. Եղիայեան փաստաբանական գրասենեակ»ը կը գործակցի    Պոլսոյ մէջ գործող երկու   փաստաբանական    գրասենեակներու հետ, որոնք պատրաստ են    դատական    ցանկացած գործընթացի համար  պիտանի թղթատարական եւ կառավարական գործերը   լրացնել:

Պարտինք   նշել, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալու համար  Պոլսոյ մէջ  որպէս իրաւատէր ներկայացող  մեր հայրենակիցները կրնան  դիմել՝   «Վ. Եղայաեան  փաստաբանական գրասենեակ»ին   օգտագործելով հետեւեալ     տուեալները՝  

 

Vartkes Yeghiayan

330 N Brand, Suite 1280, Glendale, California 91203

Tel (818) 242-7400

Email: Vartkesy@sbcglobal.net