Այս տարի 1-24 Յունիս թուականներուն իրականացուող Պոլսոյ երաժշտական 44-րդ Փառատօնի համերգներէն մէկը պիտի կատարուի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիիէն ներս:
Պոլսոյ երաժշտական 44-րդ Փառատօնը կը բաղկանայ 26 համերգներէ, որոնց ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով այս տարի պիտի գործադրուի «Երաժշտութեան ուղեգիծ» կոչուած յայտագիր մը եւ որ կը խօստանայ ուղղութիւն մը իրականացնել Պէօղլուի պատմական եկեղցիներուն մէջ:
Փառատօնի ընթացքին առանձին համերգներ պիտի կատարուին հինգ եկեղեցիներու մէջ, որոնց շարքին են՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, Յունաց Ս. Աստուածածաին եկտղեցին, Սէնթ Անթուան կաթոլիկ եկեղեցին, Հոլանտայի պալատի մատուռը եւ Ղրիմի Անկլիքան եկեղեցին:
Նշենք նաեւ, որ փառատօնի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Շէյքսպիրի մահուան 400 ամեակի նշումը: