ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիոյ նահանգի Սան Տիէկօ շրջանի Տել Մար քաղաքին մօտակայքը, Էլ Քամինո Ռիլ հասցէով տարածքին վրայ կառուցուող Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ համալիրի շինարարութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին, բացումը կ'ակնկալուի աշնան:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ DEL MART Times կայքէն:
Ըստ աղբիւրին համալիրը բացի 28.35 մեթր բարձրութեամբ եկեղիցիէն, շրջափակին մէջ պիտի ունենայ միջոցառումներու յատուկ սրահ, երիտասարդական կեդրոն, կրթական եւ մշակութային կեդրոններ, մարզական սրահ եւ դաշտեր:
Յիշեցնենք թէ Ս. Յովհաննու Կարապետ նոր համալիրի հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2018-ին Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ: Աշխատանքները ընթացքի մէջ են եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբին կողմէ, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Բագրատ Ծ. վրդ. Պերճէքեան։
Աղբիւրը նշած է թէ 12 տարի տեւող աշխատանքէ ետք միայն, վաւերացուած է Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տեղափոխումը Հիւսիսային Այգիի հին վայրէն այստեղ:
Ի դէպ, աղբիւրը մատնանշած է, թէ հետագային նախագիծը ընդլայնուած է եւ եկեղեցւոյ յարակից տարածք մը ձեռք բերուած է, կառուցելու բնակելի հիմնարկ մը, որ ըստ նախագիծին պիտի ունենայ 104 սենեակ եւ 122 մահճակալ:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ շինարարական յանձնախումբի անդամ՝ Պէթ Պրուսալեանի համաձայն, նոր համալիրին շինարարութեան առաջին հանգրուանի ծախսերը ամբողջութեամբ ապահովուած էին եւ հիմա պիտի աշխատին յաջորդ հանգրուանի ֆինանասաւորումը ապահովելու ուղղութեամբ, նուիրատուութիւններ հաւաքելով: