image

PKK-ի Հարցով թրքական թերթը քննադատութիւններ ուղղած է Պրիւքսէլին

PKK-ի Հարցով թրքական թերթը     քննադատութիւններ ուղղած է Պրիւքսէլին

Թրքական «Տէյլի սապահ»ը  ծանր  մեղադրանքներ ուղղած է Պէլճիքայի կառավարութեան հասցէին: Աղբիւրը,  որ կը համարուի մերձիշխանական  պարբերական մը, աննընդունելի համարած է Պրիւքսէլի իշխանութիւններուն   PKK-ի համակիրներուն`ցոյց կազմակերպելու վերաբերեալ  տրուած  արտօնութիւնը: Ըստ թերթին, անցնող օրերուն Պրիւքսէլի տարբեր կեդրոնական    հրապարակներուն վրայ PKK-ի զօրակցութեան հաւաքներ եղած են:  Հաւաքներուն գլխաւորը եղած է   Պրիւքսէլի   Սբանճէբլէն հրապարակին վրայ, ուր  մասնակիցները    բարձրացուցած են PKK-ի  առաջնորդ համարուող Ապտիւլլահ Օճալանի պատկերները եւ պահանջած անոր ազատ արձակումը: Կը նշուի նաեւ, որ Պրիւքսէլի մէջ   տեղի ունեցած   հաւաքները   կատարուած են՝ նշելու   Թուրքիոյ մէջ   1984 թուականին  PKK-ի     կատարած առաջին զինուորական գործողութեան 32-րդ   տարեդարձը: