Պաքուի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան Ճէյմս Շարփը Trend լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը կը շարունակէ ուսումնասիրել Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ ականազերծման ոլորտի մէջ գիտելիքներու փոխանակման եւ Ատրպէյճանին աջակցելու բոլոր հնարաւոր տարբերակները։
Ան նշած է, որ ականազերծումը հսկայական աշխատանք է:
«Բրիտանացի փորձագէտներն արդէն կ'աշխատին տարածքին մէջ եւ մենք կը շարունակենք ուսումնասիրել այս ոլորտին մէջ մեր փորձն ու աջակցութիւնը տրամադրելու տարբերակները», -ըսած է դիւանագէտը՝ նշելով, որ այդ հնարաւոր է իրականացուի Պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով։
Յիշեցնենք, որ 9 Նոյեմբերին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են, ստորագրուած է յայտարարութիւն, որով Ատրպէյճանին կ'անցնին Արցախի եօթ շրջանները, Շուշին ու Հադրութը` բացառութեամբ մէկ գիւղի, գիւղեր Ասկերանի ու Մարտունիի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը: