Թրքական «Տէյլի սապահ»ը ծանր մեղադրանքներ ուղղած է Պէլճիքայի կառավարութեան հասցէին: Աղբիւրը, որ կը համարուի մերձիշխանական պարբերական մը, աննընդունելի համարած է Պրիւքսէլի իշխանութիւններուն PKK-ի համակիրներուն`ցոյց կազմակերպելու վերաբերեալ տրուած արտօնութիւնը: Ըստ թերթին, անցնող օրերուն Պրիւքսէլի տարբեր կեդրոնական հրապարակներուն վրայ PKK-ի զօրակցութեան հաւաքներ եղած են: Հաւաքներուն գլխաւորը եղած է Պրիւքսէլի Սբանճէբլէն հրապարակին վրայ, ուր մասնակիցները բարձրացուցած են PKK-ի առաջնորդ համարուող Ապտիւլլահ Օճալանի պատկերները եւ պահանջած անոր ազատ արձակումը: Կը նշուի նաեւ, որ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հաւաքները կատարուած են՝ նշելու Թուրքիոյ մէջ 1984 թուականին PKK-ի կատարած առաջին զինուորական գործողութեան 32-րդ տարեդարձը: