image

Թրքական «տրոն»ներ Իրանի հետ սահմանին

Թրքական «տրոն»ներ Իրանի հետ սահմանին

Թուրքիան 20 հազար մարդէ բաղկացած ռազմական անձնակազմ տեղակայած է, ներառեալ`յատուկ նշանակութեան ջոկատներ, Իրանի հետ պետական սահմանի շուրջօրեայ պահպանութեան համար, հաղորդած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Բացի այդ, անօդաչու թռչող սարքերը շուրջօրեայ կ'աշխատին սահմանի օդային տարածքին վրայ, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ նուազագոյնի հասցնել անօրինական փախստականներու հոսքը:

Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանը ներկայիս մասամբ փակ է պեթոնէ կաղապարներու պատով, որու երկայնքով ելեկտրական լոյսերու սարքաւորումներով աշտարակներ տեղակայուած են:

Աղբիւրը մանրամասնած է, որ միայն այս տարուայ առաջին կէսին կանխուած է պետական սահմանի խախտման 51122 փորձ եւ 523 խախտող բերման ենթարկուած է: