Փարիզի մէջ այսօր «դեղին բաճկոններու» բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն ձերբակալուածներու թիւը հասած է 480-ի, անոնցմէ 211-ը կալանաւորուած են, այս մասին կը հաղորդէ AFP լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Էլիզէի շուրջ հաւաքուած ցուցարարներու թիւը հասած է 1500-ի:
Ցուցարարները քարեր, շիշեր ու ծխային ռումբեր նետած են իրաւապահներու ուղղութեամբ-, ինչին ի պատասխան Ֆրանսական ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է արցունքաբեր կազ կիրառել:
Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էինք, իշխանութիւնները պատրաստուած են 89 000 իրաւապահ ու անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակից տեղակայել հասարակական կարգի պահպանման համար:


