Թուրքիա- Թուրք մտաւորական եւ Անգարայի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժանմունքի դասխաօս ՝ Պասքըն Օրանի կարծիքով Էրտողանի առած քայլերը երկիրը թուրք- քիւրտ պատերազմի կրնան առաջնորդել: Օրրան այս մասին ըսած է, Todays Zaman-ին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան նաեւ ըսած է, թէ երկրին մէջ ընթացող զարգացումները երկրի նախագահին ի վնաս են, եւ իր ըսելով «այս ընթացքով Էրտողան ինքնզինք կ'ոչնչացնէ»: Օրան նաեւ ըսած է, թէ յառաջիկայ 1 Նոյեմբերի ընտրութիւնները չեն կրնար փոխել անցնող 7 Յունիսի ընտրութիւններուն արդիւնքները: Թուրք մտաւորականը անդրադառնալով Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշի գործունէութեան նկատել տուած է, որ HDP-nն եւ Տէմիրթաշը զերոյացուցած են Էրտողանի ամենազօր դառնալու բոլոր յոյսերը: Նշենք, որ Օրրան մաս կը կազմէր Էրտողանի հիմնադրած «իմաստուններու խորհուրդ»ին եւ Յունիս 2013-ին այդ մարմնէն հրաժարական տուած էր:Թուրք մտաւորականը նաեւ կ'աշխատակցի «Ակօս»ին: