image

Օճալանի Ձերբակալութեան 17-րդ Ամեակի Ցոյցերուն՝ 59 Ձերբակալեալ

Օճալանի Ձերբակալութեան 17-րդ Ամեակի Ցոյցերուն՝ 59 Ձերբակալեալ

Պոլիս-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը կիրակի օր Պոլսոյ մէջ ձերբակալած է 59 մարդ,  բանտարկեալ քիւրտ PKK կազմակերպութեան առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալանի ձերբակալութեան 17-րդ ամեակին նուիրուած ցոյցերու ժամանակ: Այս մասին կը փոխանցէ «Սապահ» նշելով, որ PKK- ի համակիրները անօրինական  բողոքի ցոյցեր  կազմակերպած էին ամբողջ Պոլսոյ մէջ,  Օճալանի ձերբակալութեան օրէն մէկ օր առաջ, պահանջելով ազատ արձակել  քիւրտ  գործիչը: «Սապահ» նաեւ կը նշէ, որ հինգ ատրճանակներ, երկու հրացաններ եւ աւելի քան 100 մոլոթով տեսակօ ռումբեր եւ պայթուցիկներ գրաւուած են բողոքի ցոյցի ընթացքին: Պոլսոյ ոստիկանութեան յայտարարութեամբ,  քաղաքի եւրոպական կողմը, Սուլթանկէզի շրջանին մէջ ցուցարարներէն խումբ մը կրակ բացած էոստիկաններու վրայ, որու հետեւանքով  թեթեւակի վիրաւորած է սպայ մը: «Մենք պիտի շարունակենք ձեռնարկել բոլոր տեսակի նախազգուշական միջոցները, ապահովելու համար մեր ժողովուրդի կեանքի եւ սեփականութեան անվտանգութիւնը» աւելցուած է  ոստիկանութեան բաժանմունքի կողմէ: