image

Նոր Տեղեկութիւններ Քաղցկեղի Բուժման Հնարաւորութեան Մասին

Նոր  Տեղեկութիւններ Քաղցկեղի  Բուժման Հնարաւորութեան  Մասին

Լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը կայանը  կը փոխանցէ, թէ  բրիտանացի գիտնականներ նոր ​​յայտնագործութիւն ձեռք բերած են, որու համաձայն կարելի կը դառնայ որոշել քաղցկեղային ուռուցքներու «թուլութեան կէտը»: Այս մէկը նոր քայլ մըն է քաղցկեղի բուժման աշխարհին մէջ, որ կրնայ լուծում տալ այս մահացու հիւանդութեան: Հետազօտողներու խումբը, որ կ'աշխատի  Լոնտոնի University College-ի համալսարանի պրոֆեսոր Չարլզ Սուանթընի ղեկավարութեամբ, հրապարակուած ուսումնասիրութեան մէջ նշած է, որ քաղցկեղային ուռուցքներու թուլութեան կէտերը բացայայտելէ ետք, կարելի կ'ըլլայ  ուժերու կեդրոնացումով վերացնել մարմնի բոլոր քաղցկեղային բջիջները:  Անոնք իրենց ուսումնասիրութիւններուն մէջ դիտարկած եւ հսկած են այն  բրոթէինները, որնք անուանած են «դրօշակակիրներ», քանի որ անոնք կը գործեն որպէս ուռուցքային բջիջներու մակերեսին տեղադրուած թիրախներ, որոնց կրնայ ճանչնալ   մարդուս դիմադրողութեան համակարգը եւ հետեւաբար վերացնել: Փրոֆէսոր Սուանթըն նշած է, թէ ինք կը յուսայ, որ իր առաջին քաղցկեղէ տառապող հիւանդին   նոր միջոցով կրնայ բուժել, երկու տարիներու ընթացքին, աւելցնելով. «Ես յոյս ունեմ, որ այս յայտնաբերումը կը  յանգեցնէ բուժման աւելի լաւ արդիւնքներու եւ հիւանդներու կեանքի երկարացման»: