Շոթլանտացի գիտնականները յաջողութեամբ փորձարկած են դեղամիջոց, որ ունակ է ոչնչացնել քաղցկեղի բջիջները՝ առանց վնասելու առողջ հիւսուածքները, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուականը՝ վկայակոչելով Evening Standard թերթին:
Նշուած է, որ SeNBD մոլեքուլը լուսազգայուն միջոց է. այն կ'ոչնչացնէ բջիջները միայն լոյսի ներքոյ: Սա կը նշանակէ, որ վիրաբոյժը կրնայ որոշել, թէ երբ աշխոյժացնել դեղը, որ կը նուազեցնէ առողջ հիւսուածքի վնասման հաւանականութիւնը եւ կողմնակի ազդեցութիւններու հաւանականութիւնը, ինչպիսին է մազաթափութիւնը:
Գիտնականները միաժամանակ կը յայտարարեն դեղամիջոցի լրացուցիչ փորձարկման անհրաժեշտութեան մասին:
«SeNBD-ը երբեւէ ստեղծուած ամենափոքր լուսազգայուն միջոցներէն մէկն է, եւ անոր օգտագործումը՝ որպէս «Տրովադայի ձի», շատ նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ միջամտական բժշկութեան մէջ՝ չարորակ բջիջները ոչնչացնելու համար՝ առանց շրջապատող առողջ հիւսուածքի վրայ ազդելու»,- ըսած է առաջատար գիտնական Մարք Ուենտրըլը: