Քրտական զօրամիաւորումները, որոնց կ'աջակցի ԱՄՆ գլխաւորած միջազգային դաշինքը, ռազմական գործողութիւններ սկսած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման վերջին հենակէտերուն դէմ Սուրիոյ մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ DW.com-ը, «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»ու (սուրիական ընդդիմութեան եւ քրտական զօրամիաւորումներու դաշինք) ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է Տէր Զօրի մէջ՝ Եփրատի արեւելեան ափին, ընթացող «դաժան մարտեր»ու մասին:
Մարդու իրաւունքներու հարցով սուրիական դիտորդական խորհուրդը (SOHR), որ տեղեկութիւններ կը ստանայ սուրիական տարբեր աղբիւրներէ, յայտարարած է, որ մարտերու ընթացքին ԻՊ-ի 10 գրոհային ոչնչացուցած է, բախումներ տեղի ունեցած են ահաբեկիչներու եւ կառավարական ուժերու միջեւ: