image

Ն.Ռիժքով խօսած է հայաստանեան տագնապին մասին

ՌԴ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի անդամ, Հայաստանի ազգային հերոս Նիկոլայ Ռիժքովը Հայաստան այցի ընթացքին տարածած յայտարարութեամբ յոյս յայտնած է, որ հայաստանեան իրավիճակը կը հանգուցալուծուի բացառապէս սահմանադրական, իրաւական դաշտի վրայ:

«Հայաստանն ու Ռուսիան իրար կապուած են դարաւոր բարեկամական կապերով: Երկու երկիրներու եղբայրական ժողովուրդները անցած են բազմաթիւ փորձութիւններով, եղած են միասին ե'ւ ուրախութեան, ե'ւ տխրութեան պահերուն: Ահա այդ պատճառով մենք անտարբեր չենք հայ ժողովուրդի ճակատագիրով, եւ անոր համար ես այսօր Հայաստան կը գտնուիմ»,- ըսած է Նիկոլայ Ռիժքովը:

Ան նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կ'ապրի իր պատմութեան դժուարին փուլը: Ռուսիան, Հայաստանի ամենամօտ գործընկերը ըլլալով, ուշադիր եւ անկեղծ մտահոգութեամբ, կը հետեւի երկրի բոլոր զարգացումներուն: «Վստահ ենք, որ դարերու ընթացքին ձեռքբերուած իմաստութիւնը կը նպաստէ, որպէսզի բնականոն կեանքը արագ ձեւով կը վերահաստատուի: Յոյս ունինք, որ իրավիճակը կը հանգուցալուծուի բացառապէս սահմանադրական, իրաւական դաշտի վրայ, բոլոր քաղաքական ուժերը կը ցուցաբերեն պատասխանատու մօտեցում եւ կառուցողական երկխօսութեան պատրաստակամութիւն: Խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն եղբայրական հայ ժողովրդին»,- ըսած է Նիկոլայ Ռիժկովը: