Քրեմլի մէջ անհանգստութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, բայց տեղի ունեցողը կը համարեն Կովկասի մէջ Ռուսաստանի կարեւոր եւ մտերիմ դաշնակից երկրի ներքին գործը:
«Մենք անհանգստութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման: Մենք այդ կը համարենք Հայաստանի՝ Կովկասի մէջ մեր շատ կարեւոր եւ մտերիմ դաշնակիցի ներքին գործը»,- ըսած է Փեսքով: