image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպած է Ապու Տապիի թագաժառանգ Շէյխ Մուհամմատ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ

Նախագահ Սարգսեան հանդիպած է Ապու Տապիի թագաժառանգ Շէյխ Մուհամմատ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցով ժամանեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ՀՀ նախագահի եւ Ապու Տապի էմիրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ ալ Նահեանի ընդլայնուած կազմով հանդիպումը` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ, որուն յաջորդեց Սերժ Սարգսեանի եւ շէյխ Մուհամմադ պըն Զայէտ ալ Նահեանի առանձնազրոյցը, կը հաղորդէ ՀՀ նախագայի մամլոյ ծառայութիւնը:

Նշելով, որ Հայաստանը շահագրգիռ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացմամբ եւ համընդգրկուն փոխգործակցութեան զարգացմամբ, Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ պաշտօնական այցի ծիրէն ներս կայանալիք բանակցութիւններն ու ձեռքբերուելիք պայմանաւորուածութիւնները իրենց զգալի ներդրումը պիտի ունենան հայ-էմիրաթական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման գործին:

Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տասնամեակին թեւակոխած են զարգացման նոր, աւելի գործնական փուլ. երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած են տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան մասին երկու տասնեակէ աւելի փաստաթուղթեր, որոնք պիտի համալրուին պաշտօնական այցի ծիրէն ներս ստորագրուելիք նոր փաստաթուղթերով:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ դարերու պատմութիւն ունեցող հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեամբ պայմանաւորուած ամուր հիմքի վրայ այսօր Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու, որոնց շարքին` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յաջողութեամբ կը զարգանան միջպետական յարաբերութիւնները: Երկկողմ փոխգործակցութեան զարգացման ծիրէն ներս կարեւոր համարուած է երկու երկիրներու միջեւ պարբերական քաղաքական խորհրդակցութիւններու, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակի փոխայցելութիւններու իրականացումը:

ՀՀ նախագահը եւ թագաժառանգ շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ ալ Նահեանը հայ-էմիրաթական առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան ներկայ չափերը խթանելու գործին մէջ կարեւորած են միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքը, որ, անոնց համոզմամբ, նպաստաւոր հարթակ կը հանդիսանայ իրարու շուկաներու ուսումնասիրման, տարբեր ոլորտներու մէջ շահաւէտ ներդրումներու իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու ու նորարարութիւններու ընթացքին հետեւելու համար: Կողմերը պայմանաւորուած են ուժեղացնելու Հայաստանի տնտեսութեան մէջ էմիրաթական ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ գտնել արդիւնաւէտ մեքանիզմներ ներդրումային ծրագիրներու իրագործման նպատակով:

Հանդիպման ընթացքին երկկողմ օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերէն բացի, անդրադարձ եղած է միջազգային արդի խնդիրներուն, մերձաւորարեւելեան ճգնաժամին, այդ տարածաշրջանին մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին:


19956_b