image

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մտադիր չէ նոր կուսակցութիւն հիմնել

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մտադիր չէ   նոր  կուսակցութիւն  հիմնել

Օրերս «Ժամանակ» թերթը գրած էր, թէ «նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւս կը պատրաստուի սեփական կուսակցութիւն ստեղծել եւ աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ ապագայ քաղաքական իրադարձութիւններուն»։

 

Սակայն նախագահի օգնական Յասմիկ Պետրոսեանը հերքած է լուրը՝ նշելով, որ Հանրապետութեան նախագահը անկուսակցական է եւ այս նաեւ Սահմանադրութեան պահանջն է, որու համաձայն Հանրապետութեան նախագահը իր լիազօրութիւններու իրականացման ընթացքին չի կրնար որեւէ կուսակցութեան անդամ ըլլալ:

 

«Նախագահ Սարգսեանը կուսակցութիւն ստեղծելու մտադրութիւն երբեւէ չէ ունեցած եւ չունի»,- ըսած է ան։