Արցախեան մարտերուն ընթացքին զոհուածներուն մասին տեղեկութիւններ սկսած է տալ ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Ան գրած է, թէ նահատակուած է Գնդապետ Յովսէփ Գեղամի Կիրակոսեանը: Կը նշուի նաեւ, որ գնդապետը Էջմիածինէն է եւ 1988 թուականի ծնունդ: Նահատակին յուշարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը 5 ապրիլ 2016-ին Արմաւիր մարզի Ապագայ գիւղին մէջ: