ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագիրով՝ Մովսէս Յակոբեանը նշանակուած է գլխաւոր ռազմական տեսուչ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն:
«Հիմք ընդունելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 6-րդ յօդուածի 4-րդ մասը եւ «Պետական կառավարման համակարգի մարմինների մասին» օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասը՝ Մովսէս Յակոբեանին նշանակած գլխաւոր ռազմական տեսուչ»,- ըսուած է Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած հրամանագիրին մէջ:
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Մովսէս Յակոբեան զրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնէն:
«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածը, ինչպէս նաեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 40-րդ յօդուածի 1-ին մասի 1-ին կէտը. Մովսէս Յակոբեանը զրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնէն»,- ըսուած է նախագահի հրամանագիրին մէջ: