image

Մոսկուայի Պայմանագիրը Չեղեալ Համարելու Առաջարկ

Մոսկուայի Պայմանագիրը Չեղեալ Համարելու Առաջարկ

Հայկական եւ ռուսական աղբիւրներ յայտնած են, թէ Ռուսաստանի խորհրդարանի Համայնավարական կուսակցութեան պատգամաւորներ Վալերի Ռաշքին ու Սէրկէյ Օպուխով 16 Մարտ 1921-ին Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած «Եղբայրութեան եւ բարեկամութեան մասին պայմանագիրը» խզելու առաջարկ ներկայացուցած են նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովին։

«Եթէ թրքական յարձակողական ընթացքը շարունակուի, ապա մենք պէտք է իրաւաբանական գետնի վրայ մշակենք մեր երկիրին եւ դաշնակիցներուն համար ոչ շահաւէտ բոլոր ռուս-թրքական համաձայնութիւնները։ Անգարան պէտք է հասկնայ, թէ հակամարտութեան սրումը ինչի կրնայ վերածուիլ»,- ըսած է Օպուխով։

«Սպրավէտլիվայա Ռոսիա» («Արդար Ռուսաստան») կուսակցութեան պատգամաւոր Օլէկ Պախոլքովի համաձայն՝ Թուրքիան իսկապէս շատ ծանր պայմաններ առաջադրած է պայմանագրին մէջ, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող կէտ մը։ «Սակայն պէտք է դաստիարակել թուրքերը։ Այս աշխարհի վրայ ոչինչ յաւերժ է։ Եթէ դուք այսօր դաւաճան դիրքորոշում որդեգրած էք, ուրեմն պայմանագիրը խզելը համարժէք քայլ է։ Այդ հարցին մէջ Հայաստան պէտք է աջակից ըլլայ մեզ»,- ըսած է Պախոլքով։ Ան նաեւ նշած է, որ նոյնիսկ եթէ պայմանագիրի խզումը մեծ իրաւաբանական ուժ չունենայ, անիկա կ'արտայայտէ իրենց հողատարածքային յաւակնութիւնները, որոնց ռուսական կողմը համաձայն չէ։

Նշենք, որ Թուրքիոյ հետ «Բարեկամութեան եւ եղբայրութեան պայմանագիր»ի խզումը նախապէս դիտարկուած էր։ Նացիականութեան դէմ տարած յաղթանակէն ետք (1914էն ետք) Խորհրդային Միութիւնը պահանջած էր Անգարայի հետ նոր համաձայնագիր կնքել, սակայն Սթալինի մահէն ետք հրաժարած էր այդ առաջարկէն:

«Երեք անդրկովկասեան հանրապետութիւններէն երկուքը՝ Հայաստանն ու Վրաստանը, չեն ճանչնար պայմանագրի պայմանները։ Պէտք է հասկնանք, որ 1921ին պոլշեւիկներու իշխանութիւնը կախեալ էր մազի բարակ թելէ մը»,- ըսած է Օպուխով։

Յիշեցնենք, որ, այդ պայմանագրին համաձայն, Թուրքիոյ յանձնուած է Կարս մարզի մեծ մասը, նախկին Պաթումի մարզի հարաւային հատուածը, Երեւան նահանգի Սուրմալու գաւառը՝ Արարատ լերան հետ միասին։