image

Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պետրոս Թաթուլեան

Մոնթրէալի  մէջ  իր մահկանացուն կնքած է Պետրոս Թաթուլեան

Գանատայի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պետրոս Թաթուլեան:  Այս  մասին տեղեկութիւնը  ստացանք  հանգուցեալի   հարազատներէն:   Պետրոս Թաթուլեան ծնած է 1929 թուականին Պէյրութի մէջ, Լիբանան: Կրտսեր զաւակն է Գրիգոր եւ Զարուհի Թաթուլեաններուն: Երկրորդական կրթութիւնը կը ստանայ Պէյրութի Սահակեան վարժարանը: 1959-ին կ’ամուսնանայ Տէպորա Պչաքճեանին հետ ու կ’ունենան երեք զաւակներ` Թագուհի, Համբիկ եւ Գրիգոր: Դպրոցը աւարտելէն ետք  կը նետուի կեանքի ասպարէզ` ստեղծելով իր անձնական գործը:  Կանուխ տարիքէն անդամագրուած էր   Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան  եւ մինչեւ իր մահը  եղաւ    նուիրուած  Հնչակեան կուսակցական:  Ան այդ ոգով դաստիարակեց նաեւ իր զաւակները: 1990-էն սկսեալ    հաստատուած էր Գանատայի Մոնթրէալ  քաղաքը: