image
Հրատապ լուրեր:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան միշտ թեւաթափ կ՚ընէ մեր ժողովուրդը. Վազգէն Մանուկեանց

Լեւոն Տէր Պետրոսեան միշտ թեւաթափ կ՚ընէ  մեր ժողովուրդը. Վազգէն Մանուկեանց

ՀՀ նախկին վարչապետ՝ Վազգէն Մանուկեան յայտարարութիւն տարածած է անդրադառնալով ՀՀ առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին հարցազրոյցին հնչած մտքերուն։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է թէ 20 յունիսին տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւններ, որոնք վճռական նշանակութիւն պիտի ունենան ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ հայութեան համար: Այս ընտրութիւնները պէտք է լուծեն կարեւոր հարց՝ ձերբազատուիլ այս իշխանութենէն:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ այս վճռական պահուն իրավիճակը կը թելադրէ ձայն տալ այն ուժերուն, որոնք ակնյայտօրէն ունեն անցողիկ շեմը յաղթահարելու հնարաւորութիւն եւ պատրաստ են համախմբուիլ վարչապետի միասնական թեկնածուին շուրջ եւ լի են վճռականութեամբ ու փորձով փոխելու ստեղծուած իրավիճակը:

Յայտարարութիւնը վտանգաւոր համարած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին հարցազրոյցը, ուր ան «դաս տուած է» քաղաքական գործիչներուն ու մտաւորականութեան «քաղաքական իրատեսութեան» վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ կատարուած են հակիրճ դիտարկումներ,- Հայաստանի բոլոր քաղաքական ղեկավարները միշտ գիտակցած են եւ փորձած են Արցախի հարցով իրականացնել իրատեսական եւ փոխզիջումային քաղաքականութիւն:

Այսօր ԱՄՆ-ի նախագահն ու Ռուսաստանի նախագահը պիտի քննարկեն Արցախեան հարցը: ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը նոյնպէս շահագրգռուած է բանակցութիւններու վերսկսման հարցով՝ որոշելու Արցախի կարգավիճակի հարցը: «Մենք այս հարցում ունենք դաշնակիցներ, բայց նրանց ներդրումն, ինչպէս նաեւ նոր դաշնակիցների ներգրաւումը հարցի կարգաւորման գործում, կախուած է մեզանից», յիշուած է յայտարարութեան մէջ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պատկերացումները քաղաքական դատողականութեան մասին նախնական են եւ էապէս կը սահմանափակեն մեր հնարաւորութիւններու դաշտը: Իրատեսական ճանապարհով լուծուող հարցերու դաշտը իրականութեան մէջ շատ աւելի մեծ է, քան կը թուի Տէր Պետրոսեանին:

Նշուած է նաեւ թէ նախեւառաջ կը ձեւակերպեն ազգային-պետական նպատակներ ու խնդիրներ, յետոյ արդէն քայլ առ քայլ կը ձգտին իրականացնել զանոնք՝ հաշուի առնելով աշխարհի զարգացման միտումները, օգտուելով ստեղծուած իրավիճակէն, զարգացնելով սեփական հնարաւորութիւնները: Այդ է քաղաքական փրակմատիզմը:

«Ոչ թէ հնարաւորութիւններն են թելադրում, թէ ինչ խնդիրներ է պէտք դնել եւ լուծել, այլ խնդիրներն են թելադրում, թէ ինչ հնարաւորութիւններ է պէտք ստեղծել:

Իր պատկերացումներով  Տէր Պետրոսեանը միշտ թեւաթափ է անում մեր ժողովրդին եւ զրկում նրան մեծ նպատակների ձգտումից՝ դրդելով միայն «իրատեսական» գոյատեւման, ինչը, իմ համոզմամբ, այս տարածաշրջանում կործանարար է մեր պետութեան եւ ժողովրդի համար: Դրա վառ ապացոյցն է այն, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի սահմանափակ փրակմատիզմի գաղափարներով սնուած շերտը, 2018-ին գալով իշխանութեան, երկիրը հասցրեց այս աղէտին»,- եզրափակած է յայտարարութիւնը: