image

Լեւոն-Տէր-Պետրոսեանը մասնակցած է քուէարկութեան

Լեւոն-Տէր-Պետրոսեանը մասնակցած է քուէարկութեան

ՀՀ առաջին նախագահ, «Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութեան նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը քիչ առաջ մասնակցեցաւ  Ազգային ժողովի ընտրութեան քուէարկութեան։

Տէր-Պետրոսեանը  քուէարկեց Երեւանի Կեդրոնի 9/18 ընտրատեղամասին մէջ: Նախագահը քուէարկութեան եկած էր առանձին:

Մատնահետքերու մուտքագրումէն ետք յանձնաժողովի անդամները անոր յանձնեցին բոլոր 26 քաղաքական ուժերու համարներով թերթիկները, նախագահը կատակեց՝ կարելի չէ մէկը վերցնել, բայց յանձնաժողովի անդամները պատասխանեցին, որ ոչ:

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը հրաժարեցաւ պատասխանել նաեւ լրագրողներու հարցերուն: Նախագահը չպատասխանեց նաեւ այն հարցին, թէ յանուն որ Հայաստանի քուէարկած է: