image

Մեր լեզուն, կորսնցուցինք, բայց մեր ինքնութիւնը մինչեւ մահը պիտի պահպանենք. Գերմանաբնակ Արշալոյս Ուզունեան

Մեր լեզուն,  կորսնցուցինք, բայց մեր ինքնութիւնը մինչեւ  մահը պիտի պահպանենք. Գերմանաբնակ  Արշալոյս Ուզունեան

Արեւմտահայաստանի  հայերը՝ Պոլսէն եկած, իրենց մայրենի լեզուն չեն գիտեր, եւ եկեղեցի այցելելու ժամանակ չեն հասկնար հայերէն ժամերգութիւնը

 

Գերմանաբնակ Լուսին Ուզունեանը սիրով կը կրէ իր մեծ մօր՝ Արշալոյսի անունը, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Թուրքիոյ մէջ պատսպարուած հարիւրաւոր երեխաներէն մէկն էր: 31 տարի առաջ Թուրքիայէն Գերմանիա արտագաղթած Լուսին Ուզունեանը շատ լաւ կը յիշէ պատմութիւնը, որուն բովով անցած են իր նախապապերը:

Կը յիշէ իր նախապապերէն մեծ հողատէր Պարսամ աղայի պատմութիւնը, որ, չդիմանալով իր աչքին առջեւ որդիներուն, փեսային գլխատման տեսարանին ու հայ ժողովուրդին հասցուած վիշտին, ինքնասպանութիւն գործած է: Անոր եղբայր Գրիգոր աղան եւս հարուստ եղած է: Ուզունեանը հպարտօրէն կը պատմէ, որ բոլորը եղած են ուսեալ ու կիրթ մարդիկ: Այս ամէնէն աւելի ցաւալի եղած է իրենց մեծ հօրաքոյր Սիրանուշին պատմութիւնը, որուն շնորհիւ ալ փրկուած են իր Արշալոյս մեծ մայրն ու եւս տասնեակ երեխաներ, թէ ինչպէս, կը պատմէ.

«Սիրանուշի ամուսնութենէն մէկ տարի չանցած՝ կը սկսի Ցեղասպանութիւնը: Մարդասպան Մեհմէտ Նուրի աղան կը գլխատէ Սիրանուշի ամուսինն ու երեք եղբայրները, ապա կը ստիպէ Սիրանուշին ամուսնանալ իր հետ:  Կը համաձայնի, որպէսզի փրկէ Պարսամեան ընտանիքի 10 երեխաները՝ 7 տղաներն ու 3 աղջիկները, ապա մարդասպան Մահմուտէն 3 որդի  կ'ունենայ: Հայազգի երեխաները կը գտնուէին Սուքրի աղայի մօտ: Ան իմ մեծմօր՝ Արշալոյս Ուզունեանին կը գտնէ Սուքրի աղայի մօտ՝ մեր գիւղին մէջ, կը վերցնէ, կը պահէ, յետոյ կ'ամուսնացնէ իմ մեծհօր՝ Կարապետ Պաքիրճեանի հետ, որ 10 փրկուած երեխաներէն մէկն էր»:

Այսօր փրկուածներուն մէկ մասը Թուրքիա է, միւսները արտագաղթած են: Իրենք ալ 1986-ի 21 սեպտեմբերին տեղափոխուած են Գերմանիա, ամուսինը եւս թրքահայ է, արհեստաւոր, որ կարողացած է իր փոքրիկ արհեստանոցը ստեղծել ու զբաղիլ ծխատարներու մասերու արտադրութեամբ: Դիւրին չէ եղած երիտասարդ ամուսիններուն համար Գերմանիոյ մէջ կայանալը:

«Մենք այստեղ բոլորովին մինակ էինք՝ առանց մեր ծնողներուն: Այսօրուն ներգաղթեալներուն համար կան հնարաւորութիւններ, բայց այն ժամանակ մենք չունէինք: Հիմա լեզուի ուսուցման յատուկ դասեր կը տրուին: Այն ժամանակ մենք ամէն ինչ ինքնուրոյն պէտք է ընէինք, նաեւ գերմաներէն սորվէինք: Ես գերմանական պետութենէն որեւէ սենթ օգնութիւն չեմ ստացաած»,-պատմեց Արշալոյս Ուզունեանը:

Այսօր գոհ են, ընդելուզուած են միջավայրին, ու որքան ալ դժուար է, կը փորձեն ինքնութիւնը պահել: Հայերէնին չտիրապետելով հանդերձ՝ Արշալոյսը կը փորձէ երեխաներուն եւս կառչած պահել արմատներուն: Կ'ըսէ.

«Մեր լեզուն, մեր մշակոյթը կորսնցուցեր ենք, բայց մեր ինքնութիւնը մինչեւ մեր մահը պիտի պահպանենք: Ես այստեղ փոխեցի իմ անունս եւ հպարտութեամբ կը կրեմ իմ Արշալոյս մեծմօրս անունն ու իմ մեծհօր՝ Կարապետ Պաքիրճեանի ազգանունը: Մեր անատոլահայերը ցաւօք Հայոց Ցեղասպանութենէն տուժածներն են, ցաւը  աննկարագրելի է»:

Պայմանները նպաստաւոր չեն, յատկապէս այնտեղ, ուր կը բնակին Ուզունեան-Պաքիրճեանները:

«Մենք փոքր վայրի մէջ կ'ապրինք, որ կը գտնուի Քէօլնէն մեկ ժամուան հեռաւորութեան վրայ: Եկեղեցին 15 օրը մէկ կը գործէ, եւ եթէ տեսնէք, թէ որքան քիչ մարդ կ'այցելէ եկեղեցի, կ'անհանգստանաք: Ցաւալի է»,- ըսաւ գերմանաբնակ հայուհին։

Հայաստանի մասին կրնան մտածել, երազել, ապրիլ հայրենիքով, բայց տեղափոխուիլ չեն կրնար: Իրենց մշակոյթով ու կենցաղով շատ հեռացեր են:

«Թուրքիոյ մէջ շատերը, յատկապէս Անատոլիայի հայերը՝ Պոլսէն եկած, իրենց մայրենի լեզուն չեն գիտեր, եւ եկեղեցի այցելելու ժամանակ չեն հասկնար հայերէն ժամերգութիւնը, սա խնդիրներէն մէկն է: Նաեւ շատ երեխաներ յարմարուած են այստեղ, Թուրքիոյ մէջ օսմանացուած են, հայերէն չեն խօսիր ու չեն հասկնար, հետեւաբար դժուար է ապրիլ Հայաստանի մէջ»,-կ'ըսէ ան:

Ապրիլ չի փափաքիր, բայց Հայաստան այցելելու ծրագիրներ ունի, կ'ըսէ. «Յառաջիկային անպայման Հայաստան պիտի այցելեմ ու պիտի երթամ տեսնեմ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը»: