ՌԴ Պետտումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական ու հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի առաջին փոխնախագահ Կոնսդանդին Զատուլինի խօսքով՝ Հայաստան այցին ինքը հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակո Սահակեանի եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ:
«Ես ծանօթ եմ նախագահներու, վարչապետներու մեծ մասին: Բոլորին հետ յարգանքով վերաբերած եւ միշտ մտածած եմ, որ ես, որպէս ռուս քաղաքական գործիչ, պէտք է կապերը պահեմ հայաստանեան գործիչներու հետ եւ զարգացնեմ երկու երկիրներու միջեւ կապերը»,- ըսած է ան:
Ըստ քաղաքական գործիչի՝ անոնք կը ցանկանան աջակցիլ Կարէն Կարապետեանին, որուն բաժին ինկած է բարդ խնդիր՝ ղեկավարվել կառավարութիւնը վարչապետի հրաժարականէն յետոյ: «Ես դեռ չեմ գիտեր՝ ան կ'ըլլայ վարչապետի թեկնածու, թէ՝ ոչ: Ակնյայտ է, որ ան կրնայ առաջադրուիլ, ինչպէս ակնյայտ է, որ Նիկոլ Փաշինեանը կ'առաջադրուի: Կրնան այլ թեկնածուներ ալ ըլլալ, օրինակ՝ Գագիկ Ծառուկեանը»,- ըսած է ան:
Զատուլին նշած է նաեւ, որ իրենք որեւէ վարչապետի թեկնածուի կողմնակիցը չեն: «Ես կը կարծեմ, որ մենք բոլորս հետաքրքրուած ենք, որ ամէն ինչ անցնի սահմանադրական կարգով եւ խորհրդարանի մէջ, եւ Ռուսիան շատ ուշադիր պիտի հետեւի: Եւ ես վստահ չեմ, բայց, եթէ ինչ-որ մէկը, կարեւոր չէ թէ ով, փորձէ ուժով այդ գործընթացը փոխել, Ռուսիան միանշանակօրէն չի ճանչնար այդ: Մենք ստիպուած կ'ըլլանք անցնիլ «տէ ֆագթօ» յարաբերութիւններու»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ այդ սպառնալիք չէ, այդ իր բացատրութիւնն է, թէ, իր կարծիքով, ինչպիսի կեցուածք կ'որդեգրեն իրենք այդ պարագային: