image

«Մենք շահագրգռուած ենք որ հարցերը լուծուին սահմանադրական ճանապարհով». Ռուսազգի քաղաքան գործիչ

«Մենք շահագրգռուած ենք որ հարցերը լուծուին սահմանադրական ճանապարհով». Ռուսազգի քաղաքան գործիչ

ՌԴ Պետտումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական ու հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի առաջին փոխնախագահ Կոնսդանդին Զատուլինի խօսքով՝ Հայաստան այցին ինքը հանդիպած է  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակո Սահակեանի եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ:

 

«Ես ծանօթ եմ նախագահներու, վարչապետներու մեծ մասին: Բոլորին հետ յարգանքով վերաբերած եւ միշտ մտածած եմ, որ ես, որպէս ռուս քաղաքական գործիչ, պէտք է կապերը պահեմ հայաստանեան գործիչներու հետ եւ զարգացնեմ  երկու երկիրներու միջեւ կապերը»,- ըսած է ան:

 

Ըստ քաղաքական գործիչի՝ անոնք կը ցանկանան աջակցիլ Կարէն Կարապետեանին, որուն բաժին ինկած է բարդ խնդիր՝ ղեկավարվել կառավարութիւնը վարչապետի հրաժարականէն յետոյ: «Ես դեռ չեմ գիտեր՝ ան կ'ըլլայ վարչապետի թեկնածու, թէ՝ ոչ: Ակնյայտ է, որ ան կրնայ առաջադրուիլ, ինչպէս ակնյայտ է, որ Նիկոլ Փաշինեանը կ'առաջադրուի: Կրնան այլ թեկնածուներ ալ ըլլալ, օրինակ՝ Գագիկ Ծառուկեանը»,- ըսած է ան:

Զատուլին նշած է նաեւ, որ իրենք որեւէ վարչապետի թեկնածուի կողմնակիցը չեն: «Ես կը կարծեմ, որ մենք բոլորս հետաքրքրուած ենք, որ ամէն ինչ անցնի սահմանադրական կարգով եւ խորհրդարանի մէջ, եւ Ռուսիան շատ ուշադիր պիտի հետեւի: Եւ ես վստահ չեմ, բայց, եթէ ինչ-որ մէկը, կարեւոր չէ թէ ով, փորձէ ուժով այդ գործընթացը փոխել, Ռուսիան միանշանակօրէն չի ճանչնար այդ: Մենք ստիպուած կ'ըլլանք անցնիլ «տէ ֆագթօ» յարաբերութիւններու»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ այդ սպառնալիք չէ, այդ իր բացատրութիւնն է, թէ, իր կարծիքով, ինչպիսի կեցուածք կ'որդեգրեն իրենք այդ պարագային: