image
Հրատապ լուրեր:

Մեղրի եւ Ագարակ համայնքները շուտով Իրանէն կազ պիտի ստանան

Մեղրի եւ Ագարակ համայնքները շուտով Իրանէն կազ պիտի ստանան

Աւարտած են Իրանի հետ սահմանամերձ Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներու Կազի բաշխման ցանցի կառուցման աշխատանքները:

Յատկացուած միջոցներով ամբողջութեամբ կազով ապահովուած է Մեղրի քաղաքը եւ Ագարակի մէկ մասը:

Այս փուլին կ՛ընթանայ կառուցուած կազի բաշխման ցանցի շահագործման թոյլտուութեան ստացման եւ սպառողներու` ցանցին միացման գործընթացը, կը տեղեկացնէ panarmenian.net-ը՝  վկայակոչելով ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը:

Իրանի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները դեռ 2011-ի Դեկտեմբերին ստորագրած են Փոխըմբռնման յուշագիր` Հայաստանին օժանդակութիւն յատկացնելու վերաբերեալ: Յուշագրի ծիրէն ներս Իրանի կառավարութիւնը համաձայնած էր տրամադրել 2 միլիոն տոլար, որպէս դրամաշնորհ, Իրանի հետ սահմանամերձ բնակավայրերու (Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներու) կազի բաշխման ցանցի կառուցման ծրագրի իրականացման համար:

Հայկական կողմը իր վրայ վերցուցած էր տրամադրուող միջոցներու հաշուին ապրանքներու մատակարարման եւ ծառայութիւններու մատուցման գործարքներէն գանձուող հարկերու, մաքսատուրքերու եւ այլ պարտադիր վճարներու հետ կապուած ծախսերը: Ծրագրի իրականացումը ընդհատուած էր` իրանական կողմի ֆինանսաւորման դադրեցման պատճառով: Անիկա վերսկսաւ 2015-ի վերջը: