Աւարտած են Իրանի հետ սահմանամերձ Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներու Կազի բաշխման ցանցի կառուցման աշխատանքները:
Յատկացուած միջոցներով ամբողջութեամբ կազով ապահովուած է Մեղրի քաղաքը եւ Ագարակի մէկ մասը:
Այս փուլին կ՛ընթանայ կառուցուած կազի բաշխման ցանցի շահագործման թոյլտուութեան ստացման եւ սպառողներու` ցանցին միացման գործընթացը, կը տեղեկացնէ panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը:
Իրանի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները դեռ 2011-ի Դեկտեմբերին ստորագրած են Փոխըմբռնման յուշագիր` Հայաստանին օժանդակութիւն յատկացնելու վերաբերեալ: Յուշագրի ծիրէն ներս Իրանի կառավարութիւնը համաձայնած էր տրամադրել 2 միլիոն տոլար, որպէս դրամաշնորհ, Իրանի հետ սահմանամերձ բնակավայրերու (Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներու) կազի բաշխման ցանցի կառուցման ծրագրի իրականացման համար:
Հայկական կողմը իր վրայ վերցուցած էր տրամադրուող միջոցներու հաշուին ապրանքներու մատակարարման եւ ծառայութիւններու մատուցման գործարքներէն գանձուող հարկերու, մաքսատուրքերու եւ այլ պարտադիր վճարներու հետ կապուած ծախսերը: Ծրագրի իրականացումը ընդհատուած էր` իրանական կողմի ֆինանսաւորման դադրեցման պատճառով: Անիկա վերսկսաւ 2015-ի վերջը: