image

Մարտական դիրքին վրայ զինուոր զոհուած է. ՀՀ ՊՆ

Մարտական դիրքին վրայ զինուոր զոհուած է. ՀՀ ՊՆ

6 Մայիսին, ժամը 07.30-ի սահմաններուն, ՀՀ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին վրայ յայտնաբերուած է ժամկէտային զինծառայող Լեւոն Արսէն Թորոսեանի (1999-ի ծնունդ) դին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Դէպքին հանգամանքները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Զինծառայողի մահուան դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ։

ՀՀ քննչական կոմիտէի ԶՔԳՎ վեցերորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ քննութիւն կը տարուի՝ պարզելու ժամկէտային զինծառայողին մահուան հանգամանքները: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն, կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ` զինծառայողի մահուան բոլոր հանգամանքները պարզելու, հնարաւոր վարկածները ստուգելու ուղղութեամբ: